2014-09-29 14:36:44

2014-ի Հոկտեմբեր ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները։


Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները որ ընդհանրապէս ստորաբաժանուած են ''ընդհանրական եւ միսիոներական'' աղօթքի դիտաւորութիւններու, 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանացումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ, շեշտը դնելու համար աղօթքի կեդրոնականութեան վրայ եւ վերարծարծելու 2012-ի նոր աւետարանութեան մասին տեղի ունեցած սիւնհոդոսի կարեւորութիւնը։
2014-ի Հոկտեմբեր ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն ընտրուած է.
''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի Տէրը խաղաղութիւն պարգեւէ աշխարհի այն շրջաններուն, որոնք թիրախ են բռնութեան եւ պատերազմին''։
Իսկ որպէս ''Աւետարանութեան'' դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի Միսիոներական Համաշխարհային օրը ամէն մէկ հաւատացեալի մէջ արթնցնէ սէրն ու նուիրումը` համայն աշխարհին տանելու համար Աւետարանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.