2014-09-28 09:54:57

''Քաջութեամբ թիավարեցէք նոյնիսկ հովին հակառակ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը Յիսուսեան միաբանութեան իր եղբայրակիցներուն։


''Քաջութեամբ թիավարեցէք նոյնիսկ հովին հակառակ։ Թիավարեցէք եւ աղօթեցէք, ձեր յոսը դնելով Տիրոջ վրայ''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հրաւէրը ուղղուած իր միաբանակից Յիսուսեան եղբայրներուն, Սուրբ Իգնատիոս Տէ Լոյոլայի հիմնած միաբանութեան վերահաստատումին 200-րդ ամեակի առթիւ, 1884-ին Պիոս Է քահանայապետի կողմէ հրատարակուած “Sollicitudo omnium ecclesiarum” առաքելական կոնդակով, շաբաթ 27 սեպտեմբերի երեկոյեան, Հռոմի ''Յիսուսի'' անուան նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին զոր կ՛ացյելեր չորրորդ անգամուան համար։
Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը շեշտը դրաւ Յիսուսեան միաբանութեան կոչումը յատկանշող հոգիին վրայ` խորաթափանցում, առաքելութիւն, ծառայութիւն եւ Աստուծոյ կամքին ամբողջական վստահութիւն։
Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց միաբանութեան հանգրուաններուն, Կղեմես ԺԴ քահանայապետի օրով (1773) անոր կասեցման, երբ միաբանութեան անդամները կորսնցուցին նոյնիսկ իրենց ինքնութիւնը, սակայն չհակառակեցան Աստուծոյ կամքին, անոնք հնազանդեցան եւ ապրեցան Յիսուսի ապրած նուաստացումը։ Մենք մեզ մեղաւոր ընդունիլը կը նշանակէ ճիշդ վերաբերմունքը ունենալ ընդունելու համար մխիթարութիւնը։ Եւ Յիսուսեան միաբանութիւնը մնաց հաւատարիմ իր նպատակին որուն համար ստեղծուած էր` սէր, միութիւն, հնազանդութիւն, համբերութիւն, աւետարանի պարզութիւն, Աստուծոյ հետ իսկական բարեկամութիւն ու ամբողջական վստահութիւն Տիրոջ վրայ։ Մնացածը միայն ''աշխարհիկ'' է։
''Վերյիշենք մեր պատմութիւնը` Միաբանութեան շնորհք տրուեցաւ ոչ միայն հաւատալու Տիրոջ այլեւ անոր նման չարչարուելու'' ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով թէ Եկեղեցին եւս այսօր կրնայ տարուբերուիլ ալիքներէն, այնպէս ինչպէս պատահած էր Յիսուսեան միաբանութեան։ Թէեւ դժուար է թիավարել սակայն հարկաւոր է այս մէկը ընել քաջութեամբ, հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը, նոյնիսկ քամիին հակառակ։ Ի սպաս Եկեղեցւոյ։ Միացած։ Ու երբ կը թիավարենք պէտք է նաեւ աղօթենք յարատեւ` ''Տէր փրկէ մեզ''։ Տէր փրկէ ժողովուրդդ։ Եւ Տէրը մեր դեռահաւատութեան հանդերձ պիտի փրկէ մեզ։ Միշտ վստահինք Անոր։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա նշեց Յիսուսեան միաբանութեան վերականգնումը ու հաստատեց թէ ''Յիսուսեանի ինքնութիւնը կը նոյնանայ այն մարդուն ինութեան որ կը պաշտէ միայն Աստուած եւ կը սիրէ ու կը ծառայէ իր եղբայներուն, անոնց օրինակ հանդիսանալով։ Յիսուսեանը կ՛ուզէ ըլլալ Յիսուսի բարեկամ։ Մէկ մը որ ունի Յիսուսին նոյն զգացումները։







All the contents on this site are copyrighted ©.