2014-09-27 10:56:53

Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը


Այսօր Վարագայ Սուրբ Խաչի յիշատակը կը տօնենք: Անգամ մը եւս կը յիշենք մեր բոլորին հոգեւոր փրկութիւնը ապահովելու համար Տէր Յիսուսին մատուցած Աստուածային զոհաբերութիւնը, խաչին վրայ Իր մահը, մեռելներէն հրաշափառապէս յարութիւնը եւ դեռ կատարուելիք Անոր փառաւոր երկրորդ գալուստը:
Վարագայ Ս. խաչի տօնը, զոր այսօր կը յիշատակենք, կը վերագրուի Ս. խաչի երեւման Վարագ լեռներու բարձունքներուն վրայ կառուցուած վանքին մէջ: Աւանդութիւնը կ’ըսէ, որ հայոց Տրդատի օրով Հռիփսիմէ կոյսը փախուստ տալով հռոմէական բանակէն կու գայ եւ վարագ վանգը կ’ապաստանի եւ այդ տեղ կը պահէ իր վիզի խաչը:
Շուրջ 653 թուականին, երկու ճգնաւորներ, Յովէլ եւ Թոդիկ, աղօթքի պահուն տեսիլք մը կ'ունենան. հրաշալի լուսաւորութիւն մը Վարագայ լերան գագաթին: Իսկոյն կը փութան դէպի այդ լոյսը, վանքին եկեղեցին կը մտնեն եւ կը տեսնեն խաչը սեղանին վրայ հանգչած: Հրաշալի լուսաւորութիւնը կը տեւէ 12 օրեր: Հեռաւոր շրջաններէն հաւատացեալներ կու գան Ս. Խաչի մասունքը տեսնելու: Այս առիթով Ներսէս Շինող կաթողիկոսը խաչին տեսիլքովն հիացած կը յօրինէ «Նշանաւ ամենայաղթ խաչիւդ քո Քրիսոտս» գեղեցիկ շարականը , ինչպէս նաեւ կը թելադրէ մէկ շաբթուայ պահեցողութիւն:
Մեր փրկութիւնը կապ ունի մի միայն Քրիստոսէն: Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ. «Եթէ քու բերանովդ` Տէր խոստովանիս Յիսուսը, եւ քու սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած մեռելներէն յարութիւն տուաւ Անոր՝ պիտի փրկուիս» (Հռովմ. Ժ.9):
Կարգ մը մարդիկ հաւատացեալներու տկարութիւնները կամ առհասարակ սխալներն ու մեղքերը պատրուակ կը գործածեն մերժելու Աւետարանին փրկութեան այս սքանչելի հրաւէրը։ Սակայն, անոնք չեն կրնար ո՛չ մէկ մեղադրանք դնել Յիսուսի վրայ: Տէր Յիսուս առանց մեղքի է եւ կատարեալ՝ ամէն ձեւով։ Պիղատոս վկայեց Անոր մասին ըսելով. «ո՛չ մէկ յանցանք գտայ այս մարդուն վրայ» (Ղուկ. ԻԳ.14)։ Յիսուս ըրաւ այն՝ որ ո՛չ մէկը կրնար ընել։ Ան սիրով կրեց խաչի մահուան տառապանքը, որպէսզի փրկութիւն ապահովէ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան Անոր ու կը խոստովանին զԻնք որպէս իրենց անձնական Փրկիչն ու Տէրը`
Առաքեալը այս նոյն հաւատքով ներշնչուած կը վկայէ «Ով որ Տիրոջ անունը կանչէ, պիտի փրկուի» (Հռովմ. Ժ.13): Այսօր ուշադրութեամբ ունկնդրեցինք Սուրբ Պօղոսի խօսքը, որուն մէջ կ՛ըսէ. «գալով ինծի, քաւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ: Այդ խաչին միջոցաւ մեղքի աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ այդ աշխարհին համար» (Գաղատ. Զ.14)։ Այս խօսքէն կը հասկնանք թէ Աստուծոյ առջեւ չկան իրենք զիրենք փրկած մարդիկ: Պօղոս Առաքեալ կը զգուշացնէ այսօրուան Քրիստոնեան՝ ըսելով թէ ամբարտաւանութիւնն ու ինքնագովութիւնը վտանգաւոր են մարդուն համար, եւ թէ այդ զոյգ հիւանդութիւնները տեղ չունին Աստուծոյ արքայութեան մէջ: Քրիստոնեան կրնայ ու պէտք է պարծենայ միա՛յն Քրիստոսով՝ որ եկած է փրկելու եւ կեանք տալու բովանդակ մարդկութեան:
Մեր լոյս հաւատքին առանցքը՝ Խաչն է, ոչ թէ նշուլազարդ ադամանդակուռ եւ պսպղուն ոսկեայ խաչը, այլ փայտեայ պարզ ու համեստ խաչ մը, որուն վրայ կարելի ըլլայ տեսնել մեր Փրկիչը՝ Աստուածորդին, որ Իր կեանքը տուաւ մեզ փրկելու մեր մեղքերէն։ Խաչ մը՝ որ զոհողութիւն կը խորհրդանշէ, ու վերջապէս Խաչ մը՝ որուն վրայ կարելի ըլլայ տեսնել այն անզուգական սէրը որ յաւիտենական կեանք պարգեւեց մեզի՝ հաւատացեալներուս:
Թող այսօր մեզի՝ Հայ Եկեղեցւոյ յատուկ Վարագայ Խաչի այս տօնին, որ յիշատակի պանծացումն է եօթներորդ դարուն, Վարագ լերան վրայ տեղի ունեցած Սուրբ Խաչի լուսաշող յայտնութեան, այդ նոյն Խաչը, անգամ մը եւս շողայ մեզմէ իւրաքանչիւրին սրտին մէջ ու ատով զօրացած վերագտնենք մեր հաւատքի գոհարները: Թող այս սուրբ տօնին՝ Պօղոս Առաքեալի նման, որ գիտցաւ ուրանալ իր անձը ու առնելով իր խաչը հետեւեցաւ իր Փրկչին, մենք եւս առնենք մեր խաչերը ու հետեւինք հեթանոսաց Առաքեալ Պօղոսին՝ ու անոր հետ միասին ըսենք անգամ մը եւս «քաւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ» (Գաղատ. Զ.14): Ամէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.