2014-09-26 09:21:57

Լիբանանի մէջ Իսլամ-Քրիստոնեայ հոգեւոր վեհաժողով


Ուրբաթ, 26 սեպտեմբերի առաւօտեան` Տար Ֆաթուայի մէջ տեղի ունեցաւ իսլամ-քրիստոնեայ հոգեւոր վեհաժողով մը, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան, յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ թէ իսլամ այլ յարանուանութիւններու հոգեւոր ներկայացուցիչներ:
Վեհաժողովէն բխած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը կարդաց Իսլամական-քրիստոնէական երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Մոհամետ Սամմաք, որ շեշտեց, թէ հոգեւոր պետերը խոր կսկիծ յայտնեցին Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսներուն առեւանգուած ըլլալուն համար` շեշտելով, որ անոնց ազատութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնը բոլորին ազատութեան դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի:
Սամմաք յայտնեց, որ հոգեւոր պետերը խոր ցաւ յայտնեցին նաեւ լիբանանցի բանակայիններուն առեւանգումին եւ անոնցմէ ոմանց քստմնելի սպանութեան առիթով:
Ան նշեց, որ հոգեւոր պետերը երկար քննարկեցին Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ապահովական մարտահրաւէրները` հաստատելով, որ Լիբանան կարիք ունի հանրապետութեան նախագահի մը, որ կարողութիւն ունենայ լիբանանցիները մղելու իրենց միջեւ հասարակ յայտարարներու որոնումին:
Ան վեհաժողովին անունով կոչ ուղղեց լիբանանեան խորհրդարանին անմիջապէս նախաձեռնելու նախագահական ընտրութեան:
«Արաբական աշխարհին մէջ միակ քրիստոնեայ նախագահին ընտրութեան յապաղումը կը խոչընդոտէ իբրեւ պատգամ երկիր գործելու Լիբանանի դերակատարութիւնը», ըսաւ ան եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հեռանալու արտաքին տագնապներէն եւ նեցուկ կանգնելու բանակին ու ապահովութեան ուժերուն:
Սամմաք ընդգծեց, որ հոգեւոր վեհաժողովը շեշտած է սուրիացի գաղթականներուն հարցը իմաստուն կերպով եւ պատասխանատուութեամբ լուծելու կարեւորութիւնը:
Իսլամ եւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը կոչ ուղղեցին գործադրելու Թաէֆի համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ շեշտեցին ազգային համերաշխութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը: Անոնք հաստատեցին նաեւ, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան կառչած պէտք է մնալ:
«Մարդ անհատի արժանապատուութենէն եւ անոր իրաւունքներէն բացի ոչ մէկ սուրբ դատ գոյութիւն ունի, իսկ կրօնի անունով սրբազան պատերազմ գոյութիւն չի կրնար ունենալ: Խաղաղութիւնն է սրբազան եւ վեհագոյն նպատակը, որուն գործադրութեան համար ճիգ չեն խնայեր հաւատացեալները: Բռնագաղթը վտանգաւոր է արաբական ընկերութիւններուն համար, անիկա ոճիր մըն է, որուն համար լիբանանեան եւ միջազգային օրէնքները պատիժներ սահմանած են, իսկ Արեւելքը կրնայ մնալ եւ գոյատեւել միայն իր իսլամ եւ քրիստոնեայ զաւակներով, այլապէս անիկա գոյութիւն չի կրնար ունենալ», եզրափակեց Սամմաք:








All the contents on this site are copyrighted ©.