2014-09-23 14:21:10

Լսենք ճշմարտութիւնը


RealAudioMP3 Այս օրերուն շատեր հեռացած են ճշմարտութենէն, լքած են բարի ճանապարհը՝ ընտրելով աւելի յարմարը պարզապէս հեռանալու եւ հեռացնելու մարդիկը ճշմարտութենէն:
Շատերը կ'անգիտանան չարը եւ կարծելով թէ աշխարհի այսօրուայ մարդիկը պէտք չունին լսելու կամ հաւատալու այդ բարի ճշմարտութեան որ Յիսուս մեզի ուսանեց մեր բարիքին եւ բոլորիս հաճութեան համար:
Ոմանք կը մերժեն դժոխքի ներկայութիւնը եւ մանաւանդ Սատանային եւ գէշ հոգիներու ներկայութիւնը մեր այսօրուայ ապրելակերպին մէջ:
Յիսուս կը հանդիպի օր մը մարդու մը որ չար հոգին իր մէջ մտած էր եւ զինք խեղաթիւրած էր Քրիստոսը կը փորձէ իսկական ճշմարտութիւնը դնել իր առջեւը որպէսզի արթննայ եւ սթափի իր անձին մէջ ստեղծուած այս հոգիէն: Ժողովուրդը զարհուրած այս մարդուն գոյութենէն եւ Յիսուսի մօտեցումէն հակառակ որ այդ օրը սուրբ օր մը կը նկատուէր հրեայ ժողովուրդին համար: Հրեայ ժողովուրդը որ վարժուած էր լսելու իրենց հրեայ քահանաներուն կը գտնուին զմայլելի կերպով Յիսուսը որ կ'ուսուցանէ տարբեր ձեւով: Մասնայատուկ երկխօսութիւն մըն է: Յիսուս կը խօսի որպէս Տէր եւ հեղինակութեամբ լեցուն մարդ մը որովհետեւ միակն է որուն մէջ կը գտնուի ճշմարտութիւնը: Մենք զգայաբար ունինք այս զգացումը որովհետեւ Քրիստոսն է որ միշտ պատրաստ պէտք եղած զփոփանքը կու տայ մեզի:
Յիսուս այն լոյսն է որ կը լուսաւորէ ամէն մարդ. Իր պատգամը շատ յստակ եւ պարզ կերպով կ'ուզէ հասցնել: Այս պատգամը ճշմարտութեան եւ սիրոյ պատգամ մըն է որովհետեւ այս ճշմարտութիւնը եւ սէրը Աստուծմէ կը բխի:
Սուրբ Յովհաննէսին համար ճշմարտութիւնը կը կայանայ այն սիրոյն մէջ որ աշխարհիս բանալին է, սէր մը որ կը ծառայէ մէկը միւսին եւ դժբախտաբար Տէրը եկաւ իրեններուն որոնք չուզեցին զինք ընդունիլ (Յովհ 1, 11):
Մեր աչքերը ուղղենք այն դիւահարին որ կարգ մը մարդոց համար սխալ մարդ մը չէր հակառակ որ նոյնինքն Յիսուի երեւցաւ եւ առաջարկեց իրեն իր զօրութիւնները: Սատանան Աստուծոյ թշնամին է որ պիտի ջանայ միշտ մեզ մէկուսացնել եւ ջախջախել: Մեր առջեւ կը ներկայանայ որպէս բարի հոգի մը որպէսզի մեզ մեղքի մէջ դնէ: Հոն կը գտնունինք իր փորձութեան առջեւ, մեր դիրքը պիտի ըլլայ ինչպէս որ Յիսուս մեզի սորվեցուց, այսինքն լռութեան մէջ պահենք մենք զմեզ: Սատանային հետ երբեք պէտք չէ վիճաբանիլ քանի որ իրեն համար յաղթութեան առաջին յաղթանակը կրնայ ըլլալ:
Ո՜վ Տէր, դուն միակն ես որ կրնաս իմ չորցած ծարաւս կեցնել: Օգնէ ինծի որ մտիկ չընեմ այն մարդոց որոնք ճշմարտութեան մէջ չեն գտնուիր, անոնք որոնք մարդիկ կը խաբեն իրենց բարութեամբ: Սիրտս քեզ կ'ուզէ եւ միայն քեզի կ'ուզէ ուղղուիլ: Ամէն:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.