2014-09-23 11:18:31

U.N.I.T.A.L.S.I ընկերակցութեան անդամները կը մասնակցին ընտանիքի համար գումարուած եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին դիտաւորութեան աղօթքներուն։


Ընդառաջելով Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի հրաւէրին, Իտալական U.N.I.T.A.L.S.I բարեսիրական հաստատութիւնը, իր մասնակցութիւնը կը բերէ յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն, Հռոմի մէջ գումարուած Ընտանիքի նուիրուած Եիսկոպոսական սիւհնոդոսի դիտաւորութեան ''աղօթքի օրուան''։
’U.N.I.T.A.L.S.I աւելի քան 10000 ուխտաւորներ, դէպի Լուրտ ճանապարհորդութեան ընթացքին շոգեկառքի եւ օդանաւներուն մէջ աղօթով պիտի ընկերանան, կիրակի 28 սեպտեմբերին Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք հաւատացեալներու աղօթքի հսկումին։
Մինչ յառաջիկայ 4 հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կազմակերպուած աղօթքի հսկումին՝ որ պիտի եզրափակուի Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ներկայութեամբ, ’U.N.I.T.A.L.S.I - ի ուխտաւորները Լուրտի Տիրամօր քարայրին առջեւ վարդարարնի աղօթքով պիտի միանան հաւատացեալներուն աղօթքին։
Վերոյիշեալ երկու աղօթքի օրերը, զօրակցութեան եւ բաժնեկցութեան նշան կը հանդիսանան Եպիսկոպոսներուն` ընտանիքի մասին գումարուելիք արտակարք սիւհնոդոսին ։







All the contents on this site are copyrighted ©.