2014-09-22 09:54:12

Ֆրանչիսկոս Պապի այցը Պեթանիա բարեսիրական կեդրոնին։


Ֆրանչիսկոս Պապի Ալպանիայի առաքելական այցելութեան վերջին հանգրուանը հանդիսացաւ ''Պեթանիա'' բարեսիրական կեդրոնը, ուր Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ այնտեղ խնամուած մանուկներուն եւ Ալպանիայի այլ բարեսիրական կեդրոններու պատասխանատուներուն հետ։

Անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշեց թէ ''այսպիսի վայրերուն մէջ բոլորս ալ հաստատուած ենք հաւատքի մէջ, որովհետեւ ականատես ենք հաւատքի իրականացման եղբայրսիրութեան մէջ''։ Հաւատքը որ կը գործէ եղբայրսիրութեամբ կարող է նոյնիսկ անտարբերութեան լեռները տեղափոխել – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով կեդրոնի գործունէութեան ու անոր նուիրական օրինակին, որպէս եղբայրական խաղաղ համակեցութեան վայր։
''Եղբայրսիրութիւնը տկարութիւն չէ այլ իսկական ուժ որ կարող է նոյնիսկ վրէժխնդրութիւնը խափանել։ Եղբայրսիրութիւնը շատ աւելի արդիւնաբեր է քան դրամը, որ յաճախ յուսախափ կը թողու, որովհետեւ մենք ստեղծուած են Սստուծոյ սէրը ընկալելու ու զայն փոխանցելու ուրիշներուն'' հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու աւելուց` ''յաջող էութեան մը գաղտնիքը կը կայանայ սիրոյ եւ նուիրումի մէջ''։
Իր Խօսքին աւարտին Սրբազան Հայրը բոլոր ներկաներուն վրայ հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը ու քաջալերեց որ վստահութեամբ յարատեւեն աղքատներու եւ չքաւորներու ծառայութեան մէջ, աղօթելով մեր Տէր Յիսուսին, որպէսզի բոլորին մտքերն ու սրտերը բացուին գործունիայ ողորմութեան որ է իսկական ու հարազատ ուրախութեան աղբիւր։








All the contents on this site are copyrighted ©.