2014-09-22 10:32:39

ՏԱՀԵՇ-ը պայթեցուցած է Տէր Զօրի Հայկական Եկեղեցին


Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքի Ալ Ռաշտիէ թաղամասին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին թիրախ դարձած է ՏԱՀԵՇ-ին։ Այս մասին կը յայտնէ արաբական almayadeen կայքը։
Ահաբեկիչները պայթեցուցած են Ս. Նահատակաց յուշահամալիրի մէջ գտնուող հայկական պատմական եկեղեցին։ Նշենք, որ Տէր Զօրի մէջ այժմ հայեր չեն ապրիր, առ այդ համալիրի վնասներու չափի մասին մանրամասնութիւններ չկան։
ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութիւնը հրատարակած մէկ յայտարարութեամբ կը դատապարտէ այս արարաքը։
“Խստօրէն դատապարտում ենք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակին նուիրուած, Մեծ Եղեռնի բազմաթիւ նահատակների մասունքներն ամփոփող Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցու պայթեցումը ահաբեկիչների կողմից:
“Սրբավայրի հանդէպ այս զարհուրելի բարբարոսութիւնը կրկին անգամ ցոյց է տալիս այսպէս կողչուած «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման վայրագ էութիւնը:
“Միջազգային հանրութիւնը պէտք է անյապաղ կանգնեցնի, ամրատախիլ անի քաղաքակիրթ մարդկութեանը սպառնացող այդ ժանտախտը, կտրի դրա սնուցման, ֆինանասնաւորման, աջակցութեան, հովանաւորման ուղիները”։ Կը կարդանք ՀՀ արտգործ նախարարութեան կողմէ հրատարակուած յայտարարութեան մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.