2014-09-22 08:56:00

Թող մարդ չբաժնէ ինչ որ Աստուած միացուց


Այս վճռակամ պատասխանով` փարիսեցիներուն ուղղած հարցադրումին, թէ արտօնուա՞ծ է այր մարդուն իր կինը արձակել, Յիսուս մեր Երկնաւոր Հօր Աստուծոյ կամքը կը յայտնէ ամուսնութեան խորհուրդի վերաբերեալ: Աստուծոյ կամքը եւ նպատակը` որ ամուսնական միութիւնը ըլլայ յարատեւ, անքաքտելի, ըլլայ անբաժանելի:
Պսակի խորհուրդի կանոնի մէկ աղօթքին մէջ կը կարդանք հետեւեալ գեղեցիկ բառերը, որոնք կը ցոլացնեն ամուսնութեան անլուծանելիութիւնը. «Տէր Աստուած դուն որ զատուածները կը միացնես եւ միաւորելով անքաքտելիօրէն կը կապես, օրհնէ քու ծառադ եւ քու աղախինդ, որպէսզի բարի գործերով ընթանան արդարութեան ճամբուն մէջ»:
Սուրբ Գիրքը մեզի յստակ կերպով կը յայտնէ թէ Աստուած ամուսնալուծումը, ապահարզանը կ՛ատէ (մաղաքիա 2, 16): Աստուած ինչո՞ւ կ՛ատէ ամուսնալուծումը: Որովհետեւ ամուսնալուծում կը նշանակէ քայքայում, կը նշանակէ բաժանում, եւ բաժանումը մի միայն սատանայէն կու գայ: Մինչդեռ Աստուծոյ կամքը` սէրն է, միութիւնն է, համերաշխութիւնն է: Աստուծոյ կամքն է որ մարդիկ իրար սիրեն եւ բարի ու սուրբ ընտանիք մը կազմեն:
Աստուած սկիզբէն այնպէս տնօրինեց որ մարդը թողու իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ կապուի եւ երկուքը մէկ մարմին ըլլան: Մէկ մարմին ըլլալ կը նշանակէ տէր դառնալ իր խոստումին միչեւ մահ: Մէկ մարմին կը նշանակէ` մտածել եւ գործել ոչ որպէս անհատներ, այլ որպէս միասնութիւն, որպէս միութիւն:
Մեր օրերուն, ընկերային եւ ընտանեկան կեանքի ամենամեծ վէրքերէն եւ հարցերէն մէկն է ապահարզանը: Ամուսնութիւնը նորոյթ դարձած է: Հազիւ երեք կամ 5 տարի չանցած ամուսինը եւ կինը իրարմէ կը բաժնուին. կը բաժնուին որովհետեւ Աստուած հեռու է իրենց կեանքէն: Իւրաքանչիւրը կը փնտռէ իր շահը, կը փնտռէ իր կամքը, իր հանգիստը, իր հաճոյքը, իր փառքը:
Ոչ մէկ բան յանկարծակի կու գայ մեր կեանքին մէջ: Սովորաբար, ամէն բան զգուշացնող նշաններ ունի: Ամուսնական յարաբերութիւններէն ծագող աննշան խնդիրները երբեմն կարողն են աճիլ ու աճիլ: Ցեցի նման կը սկսին կամաց կամաց կրծել մեր կեանքը, եւ դժուարութիւնները անյաղթահարելի կը դառնան: Կը հանդիպինք զոյգերու, որոնք յաճախ երազներով կ՛ապրին: Անիրականալի սպասումներով կ՛ապրին: Հետեւաբար պէտք է իրատես ըլլալ կեանքի մէջ. ապրիլ իրականին մէջ, եւ երազները թողուլ սիրավէպերուն եւ հեռատեսիլի եւ cinema-ի ֆիլմերուն:
Այսօր շատ մը ընտանիքներ կը քայքայուին, որովհետեւ չեն գիտեր լուծել իրենց տարաձայնութիւնները: Ընտանիքները կը քայքայուին, որովհետեւ իրարու քով քովի գալ չեն գիտեր, չեն գիտեր իրարու դժուարութիւնները մտիկ ընել: Եւ ահաւասիկ զաւակները զոհ կերթան իրենց ծնողաց անպատասխանատու որոշումներուն եւ արարքներուն: Այսօր ընտանիքները կը քայքայուին, որովհետեւ չեն գետեր լսել, չեն գիտեր ներել, չեն գիտեր պարտքը վճառել իրենց սխալներուն:
Վաթսուն տարի ամուսնական կեանք վարող մէկ զույգի հարց տուին, թէ ո՞րն է արդեօք անոնց երջանիկ ամուսնութեան գաղտնիքը: Ահա թէ ինչ պատասխանեց ամուսինը. «Մեզի համար սովորութիւն դարձած է անկողին չմտնել, քանի դեռ չենք յարթած մեր տարաձայնութիւնը»:
Այլ խօսքով, այս ամուսինը կ՛ուզէր կրկնել սաղմոսերգույին խօսքը զոր կ՛ըսէ. «Բարկանայք եւ մի մեղանչէք, զոր ինչ ասէք ի սիրտս ձեր յանկողինս զղջացարուք»:
«Թող մարդ չբաժնէ ինչ որ Աստուած միացուց»: Այս է այսօրուայ հրահանգը Քրիստոսի: Չբաժնել ինչ որ Աստուած միացուց եւ օրհնեց: Խուսափինք բաժանումէն, որովհետեւ բաժանումէն մի միայն ատելութիւն եւ թշնամութիւն կու գայ: Պահպանենք միութիւնը, որովհետեւ միութիւնը` սէր է, երջանկութիւն է, եւ կեանք:







All the contents on this site are copyrighted ©.