2014-09-22 11:05:38

''Ալպանացին եղբայրութեան կարողութիւնը ունի'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը լրագրողներուն հետ ունեցած զեկոյցի ընթացքին։


Կիրակի 21 սեպտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան, Ալպանիա կատարած միօրեայ առաքելական ճամբորդութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ալպանիայէն Հռոմ փոխադրող թռիչքի վրայ հակիրճ զրոյց մը ունեցաւ իրեն ընկերացող լրագրողներուն հետ։
Պատասխանելով լրագրողներուն ուղղած հարցումներուն Ֆրանչիսկոս պապը հաստատեց թէ իր այս ճամբորոդւթեան ընթացքին մօտէն շօշափեց Ալպանացիներու տառապանքը հաստատելով թէ ''Ալպանացին եղբայր մըն է եւ ունի եղբայրութեան կարողութիւնը'' ու թէ այս մէկը ի յայտ կու գայ կրօնական խաղաղ համակեցութեան եւ համագործակցութեան օրինակէն։ Ալպանիայի այլ մէկ յատկութիւնը երկրին երիտասարդութիւնն է` Ալպանիան եւրոպայի ամէնէն երիտասարդ բնակչութիւն ունեցող երկիրն է – ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով թէ առաքելական ճամբորդութեան խաղաղութեան համակեցութեան եւ համագործակցութեան պատգամը չի սահմանափակուիր միայն Ալպանացիներուն այլ կ՛երթայ աւելի հեռու որովհետեւ Ալպանիան եւրոպական երկիր մըն է թէեւ եւրոմիութեան մաս չի կազմեր։







All the contents on this site are copyrighted ©.