2014-09-21 12:34:01

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հակիրճ զրոյցը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ` ''Ալպանիաի մէջ կրօնական համակեցութիւնը գեղեցիկ նշան մըն է աշխարհին''։


Դէպի Թիրանա առաջնորդող թռիչքի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հակիրճ հանդիպում ունեցաւ իր հետ ճամբորդող, 10 երկիրներէ 50 լրագրողներուն հետ, որուն ընթացքին յայտնեց թէ ''Ալպանիայի կրօնական հասարակութիւններու միջեւ համակեցութիւնը գեղեցիկ նշան մըն է աշխարհին''։
Ալպանիան – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – շատ տառապած երկիր մըն է, որ սակայն կարողացաւ համերաշխութիւնը գտնել, զանազան կրօններու միջեւ, ու այս մէկը գեղեցիկ նշան մը աշխարհին` երկխօսութիւնը, խաղաղութիւնը եւ կառավարումի հաւասարակշռութիւնը։ ''Այս մէկը բարիք մըն է ինծի համար, թող մարդիկը իմանան թէ ինչ կ՛ընէ Քահանայապետը եւ Եկեղեցին''։
Սրբազան Հայրը ապա բոլոր լրագրողներուն մաղթեց բարի օր մը ու անոնցմէ խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։
Յանուն բոլոր ներկաներուն, Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, Սրբազան Հօր ապահովցուց թէ պիտի ընկերանան իրենց եւ յանձնառումով պիտի կատարեն իրենց ծառայութիւնը տարածելով Քահանայապետի պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.