2014-09-21 12:57:38

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը Թիրանայի Մայր Թերեզա հրապարակէն։


Թիրանայի Մայր Թերերզա հրապարակի վրայ մատուցած Սուրբ պատարագի արարողութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանեց հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։ Նախ քան աղօթքը արտասանելը Սրբազան Հայրը խօսք մը ուղղեց ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց տուած հաւատքի վկայութեան։
Ան ապա յատուկ խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն ըսելով. '' Ձեզ կը հրաւիրեմ կառուցելու ձեր կեանքը Յիսուս Քրիստսի վրայ` որովհետեւ ով որ Քրիստոսի վրայ կը կառուցանէ, կը կառուցանէ ժայռի մը վրայ։ Յիսուս միշտ հաւատարիմ է նոյնիսկ եթէ՝ մենք շատ անգամ կը թերանանք հաւատարմութեան մէջ։ Յիսուս լաւ կը ճանչնայ մեզ՝ քան ուրիշները, Ան մեզ չդատապարտեր եթէ սխալ մը գործենք, ան մեզի կ՝ըսէ գնա եւ ասկէ ետք մի մեղանչեր։
Սիրելի երիտասարդներ, դուք Ալպանիայի նոր սերունդն էք ։Աւետարանի զօրութեամբ եւ Մարտիրոներու օրինակով, գիտցէք ոչ ըսել դրամի պաշտամունքին։ Ոչ ըսել անհատականութեան սխալ ազատութեան եւ ոչ բռնութիւններուն ու գիտցէք այո ըսել հանդիպումի մշակոյթին եւ զօրակցութեան։ Այո բարիէն եւ ճշմարտութենէն անբաժան գեղեցկութեան. Այո կեանքին ,որ հաւատարիմ է նաեւ ամէնափոքր գործերուն եւ այսպէսով կը կարենաք կառուցել աւելի լաւ Ալպանիա մը եւ աւելի լաւ աշխարհ մը։
Ան ապա Բարի Խորհուրդի Տիրամօր յանձնեց Ալպանիայի Եկեղեցին ու Ալպանացի համայն ժողովուրդը։
''Թող Տիրամայրը ձեզ առաջնորդէ՝ ընթանալու համար Աստուծոյ հետ միասին դէպի՝ Յոյս որ երբեք յուսախաբ չթողուր'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ու ապա արտասանեց Մարեմեան աղօթքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.