2014-09-21 12:17:58

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի քարոզը Մայր Թերեզայի անուան հրապարակի վրայ


Կիրակի, 21 սեպտեմբերին, Ալպանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ալպանիայի նախագահին ու քաղաքական իշխանութիւններուն հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 11-ին, Թիրանայի ''Մայր Թերեզա'' հրապարակին վրայ, նախագահեց սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ խօսքը կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումին վրայ ուր կը խօսուի Յիսուսի 72 աշակերտներուն մասին, որոնց պարտականութիւնն էր քարոզել ամենուրէք Աստուծոյ Արքայութիւնը։
Ֆրանչիսկսո Պապը ըսաւ. Յիսուս եկաւ, որպէսզի Աստուծոյ Սէրը բերէ աշխարհին ու զայն տարածէ եղբայրութեան եւ միութեան միջոցաւ։ Ասոր համար կազմեց միսիոնարական հասարակութիւն մը։ Աշակերտներուն առաքելութեան որդեգրած ձեւը պարզ եւ դիւրին է, անոնք կ՝երթային տունէ տուն եւ իրենց այցելութեան ողջոյնի խօսքը կը սկսէր ՝՝խաղաղութիւն այս տունին՝՝ բառերով, ոչ թէ միան ողջոյնի խօսք այլ նաեւ Խաղաղութեան պարգեւ։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ակնարկեց Մայր Թերեզայի անուան հրապարակին, որ նուիրուած է ''այս երկրի խոնարհ եւ մեծագոյն զաւկին՝ Քալքութայի երանելի Մայր Թերեզայի անուան'' ու ըսաւ` '' կ՝ուզեմ կրկնել ձեզի խաղաղութիւն ձեր տուներուն, ձեր սրտերուն եւ ձեր ազգին վրայ''։
՝՝Ինչպէս անցեալին մէջ , ձեր երկրին դուռը փակուած էր, արգիլելով կրօնական ազատութիւնը։ Անոնք որոնք կը վախնային ճշմարտութենէն, եւ ազատութենէն, ամէն ջանք ի գործ դրին, մարդոց սրտէն խլելու Աստուած ու Քրիստոսն ու եկեղեցին դուրս դրին ձեր երկրին պատմութենէն ։ ըսաւ Քահանայապետը ու մատնանշեց քրիստոնեանրուն , մահմետականներու եւ օրթոտոքս եկեղեւցոյ դէմ անցեալի հալածանքներուն քաջալերելով հաւատացեալները ըսելով` '' Տէրը, անցեալին ձեր մօտը կանգնած էր, ձեզի աջակցելու համար ՝Ան ձեզ սփոփեց եւ առաջնորդեց եւ ի վերջոյ ձեզ բարձրացուց եւ դրաւ Արծիւի թեւերուն վրայ ինչպէս ժամանակին ըրաւ Իսրայէլի ժողովուրդին։ Ձեր երկրին դրօշակին վրայ պատկերացուած Արծիւը որ կը վերակոչէ յոյսի իմաստը։
Քարոզի աւարտին. Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց Ալպանիայի ներկայ քաղաքական կացութեան մատնանշելով թէ '' այսօր Ալպանիոյ դռները վերաբացուեցան,իւրաքանչիւր մկրտեալ պարտականութիւն մը ունի կատարելիք եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան մէջ։ Այսօր հոս եկայ ձեզ քաջալերելու համար եւ ձեր ունեցած յոյսը տարածելու ձեր մէջ եւ ձեր շրջակայքը։
Ձեր հաւատքը թող ըլլայ ուրախ եւ թող ցոյց տայ, որ Քրիստոսի հետ հանդիպումը իմաստ կու տայ մարդոց եւ իւրաքանչիւրի կեանքին ։







All the contents on this site are copyrighted ©.