2014-09-20 14:54:56

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 20 սեպտեմբերի գործունէութիւնը։


Շաբաթ, 20 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրաչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց` Լէթթոնիայի Հանրապետութեան նախագահ` Տիար Անտրիս Պերզինշը ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Լէթթոնիայի նախագահը հուսկ հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետքարտուղար Կարտինալ Փիէթրօ Փարոլինի եւ արտգործ նախարար գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթիի հետ։ Սիրալիր հանդիպումներու ընթացքին շօշափուեցան երկու երկիրներու միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւններու ընթացքը, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ընկերութեան ի սպաս դրական սատարը յատկապէս դաստիարակչական եւ ընկերային մարզերէն ներս։ Խօսակցութեան նիւթ եղաւ նաեւ Ուքրանիոյ մէջ տիրող մտահոգիչ կացութիւնը ու մաղթանք յայտնուեցաւ երկխօսութեան ճանապարհով իրաւունքի վրայ հիմնուած քաղաքական լուծումի յանգիլ։
Ժամը 10,45-ին Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Կարտինալ Մարք Ուելլէին` եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ ու ապա ընդունեց Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Տիար Թորպեոն Եակնատը ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Ժամը 12,15 անց, Սրբազան Հայրը Քլեմենթինա սրահին մէջ ընդունեց ''Ժողովուրդներու աւետարանացումի ժողովի կազմակերպած ուսումնաժողովի մասնակցիները, հուսկ կէսօրին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ ընդունեց Արժանթինի նախագահ` Քրիսթինա Քիրչները եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը որոնց հետ ապա բաժնեկցեցաւ սիրոյ ճաշը։ Յայտնենք որ այս չորրորդ անգամն է որ Արժանթինի նախագահ` Քրիսթինա Քիրչները տեսակցութիւն կ՛ունենայ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.