2014-09-19 11:12:44

Նախագահ Սարգսեան ընդունեց Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսները


Երեւանի մէջ յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք ամէնէն կարեւոր երկու ժողովներէն` Եկեղեցական-ներկայացուցչական Ե. ժողովէն եւ Հայաստան – սփիւռք Ե. համաժողովէն առաջ Հինգշաբթի, 18 սեպտեմբերին, Նախագահ Սերժ Սարգսեան հիւրընկալեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Գարեգին Բ. ու Արամ Ա. վեհափառ հայրապետները անդրադարձած են աշխարհասփիւռ հայութեան եւ մայր հայրենիքի առջեւ ծառացած համազգային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն, սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ հայապահպանութեան ուղղուած աշխատանքներուն եւ պետութիւն – եկեղեցի յարաբերութիւններուն ու համագործակցութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.