2014-09-17 14:24:25

Վերջ գտաւ Քահանայապետի խորհրդակից ինը Կարտինալներու խորհուրդի վեցերորդ ժողովը։


Չորեքշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2014-ին, վերջ գտաւ Քահանայապետի խորհրդակից` ինը Կարտինալներու խորհուրդի վեցերորդ ժողովը, որ սկիզբ առած էր անցեալ երկուշաբթի, 15 սեպտեմբերին եւ որուն նիստերուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։
Այս առթիւ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, անոնց փոխանցեց վերոյիշեալ ժողովի մասին տեղեկութիւններ եւ շօշափուած նիւթերու մասին մանրամասնութիւններ։
Հայր Լոմպարտի յայտնեց թէ այս օրերու ժողովներու գլխաւոր նիւթերը եղան ''աշխարհականները եւ ընտանիքը'' ու ապա ''խաղաղութիւն եւ արդարութիւն''։Առաջինը ընդգրկեց նիւթեր հայող` կիներու դերակատարութեան ընկերութեան եւ Եկեղեցւոյ մէջ, երիտասարդութիւնը, մանուկները եւայլն....մինչ երկրոդը աւելի խորացաւ գաղթականներու եւ ապստանեալներու հարցին մասին ինչպէս նաեւ կեանքի, առողջութեան եւ բնապաշտպանութեան ու բարեսիրական նիւթերու շրուջ։
Հայր Լոմպարտի հաստատեց թէ Քահանայապետի խորհրդակից ինը Կարտինալներու խորհուրդը որոշումներ չառներ այլ պարզապէս առաջարկներ կը ներկայացնէ Ֆրանչիսկոս Պապին, առ այդ` այս օրերուն առաջարկուած նիւթերը աւելիով կ՛ուսումնասիրուին Սրբազան Քարանայապետի կողմէ։
Հայր Լոմպարտի յայտնեց նաեւ թէ վերոյիշեալ նիստերու ընթացքին առաքելական սահմանադրութեան հայող ներածականի առաջին նախագիծի մը շուրջ համաձայնութիւն կայացաւ ու թէ յառաջիկայ նիստերը տեղի պիտի ունենան 9-11 դեկտեմբեր 2014 եւ 9-11 փետրուար 2015։
Յայտնենք թէ Կարտինալական վերոյիշեալ խորհուրդի պարտականութիւնն է` օգնել Քահանայապետին, Տիեզերական Եկեղեցւոյ կառավարութեան գործին մէջ եւ ուսումնասիրել բարեփոխումներու նոր ծրագիր մը հայող` ''Pastor bonus'' առաքելական սահմանադրութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.