2014-09-18 09:01:13

ՀՀ Նախագահը պաշտօնական այցով ժամանեց Վատիկան։


ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան հինգշաբթի, 18 սեպտեմբերին, պաշտօնական այցով կը ժամանեց Հռոմ՝ Վատիկան:
Վատիկանի մէջ, 19 սեպտեմբերին, ՀՀ Նախագահը , առանձնազրոյց կ՛ ունենայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ, ու կը հանդիպի Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար` Կարտինալ Փիեդրօ Փարոլինին հետ: Մինչ 18 սեպտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 18.30-ին, Հռոմի Վիթթորիանօ թանգարանային համալիրին մէջ, Սերժ Սարգսեան կը մասնակցի «Արեւելքի առակ. Քրիստոնէութիւնը նոր հազարամեակի մարտահրաւէրներու առջեւ» խորագիրով, լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացումին, ուր հանդէս պիտի գայ ելոյթով:
Նախագահը պիտի այցելէ նաեւ Սուրբ Բարթողոմէոս եկեղեցի, որուն մատուռներուն մէջ տեղ գտած են քրիստոնեայ նահատակներու` ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու վերաբերեալ յիշատակումներ: Եկեղեցւոյ գլխաւոր խորանին առջեւ Սերժ Սարգսեան ծաղկեպսակ պիտի զետեղէ եւ յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ նահատակներու յիշատակին:
Այցի ծիրէն ներս Սերժ Սարգսեան կ՛ այցելէ նաեւ Վատիկանեան թանգարաններու մէջ հայկական միջնադարեան խաչքարի մշտական ցուցադրութեան սրահը ու նախատեսուած են այլ հանդիպումներ Սան Էճիտիօ հասարակութեան ներկայացուցիչներուն եւ Սուրբ Աթոռի Քուրիայի (վարչական մարմնի) անդամներուն հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.