2014-09-17 14:26:24

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հրամանագիրերը հայող սուրբերու դատին։


Չորեքշաբթի, 17 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սուրբերու դատի ժողովի նախագահ՝ Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօն։
Հանդիպումին ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը Կարտինալ Ամաթոյին արտօնութին տուաւ հրապարակել սուրբերու դատին հայող հետեւեալ երանացումի հրամանագիրերը.
Անարատ Յղութեան միաբանութեան անդամ երանելի Մարիա Քրիսթինայի բարեխօսութեամբ կատարուած հրաշքը։
Աստուծոյ ծառայ Փիօ Ալպէրթոյի բարեխօսութեամբ կատարուած հրաշքը։
Աստուծոյ աղախին Էլիզապէթթա Թուժոնի բարեխօսութեամբ տեղի ունեցող հրաշքը։
Հրամանագիրերու հրապարակումի շարքին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը որոշեց մօտ ապագային կարտինալական ժողով մը գումարել հայող` երանելի Ժուզէփփէ Վազի եւ Անարատ Յղութեան միաբանութեան անդամ` երանելի Մարիա Քրիսթինայի սրբադասումներուն։
Յայտնենք որ Երանելի Ժուզէփփէ Վազի ծնած է Պէնաուլին՝ Հնդկաստան, 21 ապրիլ 1651-ին, եւ վախճանած է Սրի Լանքա` 16 յունուար 1711-ին։ Ան Կոա քաղաքին մէջ հիմնած է Հրաշքներու Սուրբ խաչ անուան ժողովրդապետական կեդրոնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.