2014-09-17 11:53:17

''Քրիստոնէական հաւատքը եւ Եւրոպայի ապագան'' Եւրոպայի համար Կաթողիկէ ընկերային օրերը Մատրիտի մէջ։


Եւրոպայի համար Կաթողիկէ ընկերային օրերու նախաձեռնութեան երկրորդ փուլը` որուն բնաբանն է՝ ''Քրիստոնէական հաւատքը եւ Եւրոպայի ապագան'' տեղի կ՝ունենայ Մատրիտի մէջ, 18-21 սետպտեմբեր։ Նախաձեռնութիւնը կազմակերպուած է Եւրոպայի Կաթողիկէ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի հաստատութիւններուն կողմէ։
Եւրոպայի համար Կաթողիկէ ընկերային օրերուն բացման արարողութիւնը տեղի կ՝ունենայ հինգշաբթի, 18 սետպեմբերի ժամը 18-ին, Մատրիտի Սան Տամազօ դպրեվանքին մէջ մատուցած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ, նախագահութեամբ Քալահորրա թեմի առաջնորդ եւ Սպանիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ընկերային հովութեան յանձնախումբի նախագահ՝ գերապայծառ Խուան Խօսէ Օմէլլայի։Սուրբ Զոհէն ետք տեղի կ՛ունենայ աշխտանաքային նիստերու բացումը, որուն ընթացքին ելոյթ կ՛ունենայ ի մէջ այլոց` Մատրիտի առաքելական կառավարիչ կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Ռօուքօ Վարէլան, Ճէնովա թեմի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Անճէլօ Պանիասքօն, ինչպէս նաեւ Մոնաքօ թեմի արքեպիսկոպոս Ռէյնհարտ Մարքսը։ Ապա, Մատրիտի Սան Տամազօ եկեղեցական համալսարանի տեսուչ՝ Հայր Խավիէ Փրատէս, կը ներկայցնէ օրուայ առաջին դասախօսութինը՝ ''Քրիսոտոնեայ հաւատքի սատարը, Եւրոպայի ներկայի եւ ապագային համար. Անհատը''։







All the contents on this site are copyrighted ©.