2014-09-17 09:49:32

Արեւելքի Քրիստոնեաներուն նուիրուած ցուցահանդէսի բացում Հռոմի մէջ։


Հինգշաբթի, 18 սեպտեմբեր 2014-ի յետմիջօրէի ժամը 18.30-ին, Հռոմի ''Վիթթորիանօ'' համալիրին մէջ բացումը կը կատարուի ''Արեւելքի առակ ` Քրիստոնէութիւնը նոր հազարամեայի մարտահրաւէրին դիմաց'' խորագիրով Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն նուիրուած պատկերա-ցուցահանդէսին ի ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ` վսեմաշուք Տիար Սերժ Սարգսիանի եւ Վատիկանի Քահանայապետկան Մշակոյթի խորհուրդի նախագահ` Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազիի։
Վերոյիշեալ ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ ՍանթԷճիտիոյ հասարակութեան ջանքերով։ Ցուցահանդէսը որ կը վայելէ նաեւ Վատիկանի Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդին հովանաւորութիւնը, հանրութեան բաց կը մնայ մինչեւ 1 հոկտեմբեր 2014։
''Արեւելքի առակ ` Քրիստոնէութիւնը նոր հազարամեայի մարտահրաւէրին դիմաց'' ցուցահանդէսի ընդմէջէն կը ներկայացուի քրիստոնեայ հասարակութիւններու առօրեայի ճակատագրական հանգրուանները, որոնք դրոշմեցին ու կը շարունակեն յատկանշել այդ համայնքներու կեանքի ընթացքը։ Ցուցահանդէսը անցեալ 24էն -30 օգոստոս ցուցադրուեցաւ նաեւ Ռիմինիի ''ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութիւն'' 2014-ի, 35րդ հաւաքին, հուսկ Հռոմէն պիտի անցնի Պրիւքսել, Ժընեւ ու ապա Նիւ Եորք։








All the contents on this site are copyrighted ©.