2014-09-16 12:56:14

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 16 սեպտեմբերի քարոզը՝ ''եթէ մօտիկ չենք ժողովուրդին մեր քարոզը ունայնութիւն է''


''Կրնանք պերճախօս քարոզներ արտասանել, բայց՝ եթէ նեցուկ չկանգնինք մարդոց եւ անոնց հետ միասին չտառապինք՝ մեր արտասանած քարոզները ապարդիւն են եւ ունայնութիւն կը դառնան'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Երեքշաբթի, 16 սեպտեմբերի առաւօտեան, Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արատասանած քարոզին մէջ։
Ներշնչուելով օրուայ Սուրբ գրային ընթերցումէն ուր՝ Յիսուս յարութիւն կու տայ երիտասարդ մեռեալի մը, Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով Յիսուսի կատարած հրաշքին ընդգծեց Անոր իր ժողովուրդին ցուցաբերած մօտիկութիւնը՝ հաստատելով, թէ Աստուած երբ կ՝այցելէ իր ժողովուրդին՝ միշտ նորութիւն մը կայ, Աստուած կարող է սրտերը հասկնալ։ Մօտիկութիւնն ու կարեկցութիւնը Աստուծոյ իւրայատկութիւններն են երբ՝ Ան կը մօտենայ իր ժողովուրդին։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա մատնանշեց, թէ Յիսուս խորապէս յուզուած էր այդ տեսարանին առջեւ, այնպէա ինչպէս յուզուած էր Ղազարոսի գերեզմանին դիմաց, եւ այնպէս ինչպէս յուզուած էր անառակ որդիին հայրը երբ՝ տեսաւ իր զաւկին դէպի տուն՝ վերադարձը։
Եւ երբ մենք կ՛ուզենք աւետարանը քարոզել այս է ուղին` մօտիկութիւն ու կարեկցութիւն հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով, թէ կայ նաեւ այլ ուղի մը` վարդապետներունը եւ օրէնսգէտներունը, որոնք հեռու ժողովուրդէն կը խօսէին, օրէնքները կը սորվեցնէին, սակայն հեռու կը մնային։ Մինչ՝ Տէրը տարբեր է։ Յիսուս՝ յարուցեալ երիտասարդը վերադարձուց իր մօրը։ Տէրը երբ այցելէ իր ժողովուրդը անոր կը ներշնչէ յոյս եւ երբ քարոզիչը անկարող է յոյս սերմանել անոր խօսքերը ապարդիւն եւ ունայն են ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա քարոզը եզրափակեց Աստուծմէ խնդրելով շնորհքը, որպէսզի քրիստոնէական մեր վկայութիւնը ըլլայ՝ Աստուծոյ իր ժողովուրդին այցելութեան վկայութիւնը՝ այսինքն, մօտիկութեան վկայութիւնը, որ կը յոյս կը սերմանէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.