2014-09-16 08:42:53

Յիսուս Քրիստոս՝ մեր գանձը


Ով Տէր վառէ իմ մէջս բոցակէզ փափաք մը քեզի հետ ապրելու համար։
Երկնքի արքայութիւնը նման է գանձի մը: Ի՞նչ է այս արքայութիւնը որ Յիսուս անպայման կ'ուզէ նմանցնել գանձի մը. թագաւորի մը իշխանութիւնն է արդեօ՞ք: Բայց ո՞ր թագաւորին: Թագաւորը թագաւորներուն որ է նոյնինքն Քրիստոս: Ամէն օր կը խնդրենք Աստուծմէ «Թող գայ Արքայութիւնդ» Հայր Մերի աղօթքը արտասանելու ժամանակ:
Յիսուս Քրիստոսն է մեր թագաւորը: Ինչո՞ւ համար ուրեմն Քրիստոսը մեր գանձն է: Ո՞ւր է արդեօք իր հարստութիւնը, եթէ ոչ այն գեղեցկութեան եւ սիրոյ մէջ որ մեզի կը տածէ:
Ո՜վ էր արդեօք այս անձը որ պահուըտած էր անդաստանի մը մէջ եւ որով մարդը զայն գտաւ: Ինչպէ՞ս կրնամ քեզ գտնել ո՜վ Յիսուս, դուն որ իմ գանձս ես, բախտով եւ առանց ուզելու ինչպէս մարդս գտաւ այդ գանձը: Այս է պարագան մեզմէ շատերուն, մենք որ ստացանք մկրտութիւնը առանց զայն փնտռելու. Ուրեմն այս գանձը տրուեցաւ, բայց այս գանձը կը գտնուի մեծ դաշտի մը մէջ: Ամէն գնով պէտք ենք իւրացնել զայն: Այս դաշտին մէջ շատ մը շնորհքներ կան եւ մեզի կը մնայ զայն պահել եւ շահագործել եւ պտղաբերել քանի որ Տէրը երբեք մեզի չի պարտադրեր զայն առնելու կամ փնտռելու, ինծմէ կը խնդրէ որ ես անձամբ երթամ գտնելու այն դաշտը ուր որ ինքը կը գտնուի՝ զայն իւրացնելու. ատոր համար ամէն բան պէտք եմ զոհել իմ կեանքիս մէջ՝ մկրտութեան իսկական իմաստը պահելու եւ ապրելու եւ կեանքի բոլոր խոչընդոտները անցնելու պարզապէս հետեւելու Քրիստոսին եւ անոր պատուիրաններուն:
Երբեմն կը կորսնցնենք մեր Քրիստոսը եւ ատոր համար զայն կը փնտռենք. Գիտենք որ ներկայ է մեր կեանքին մէջ մկրտութեամբ եւ Սուրբ Պատարագին մասնակցութեամբ, բայց զինք չենք տեսներ եւ ոչ ալ իր ներկայութիւնը կը զգամ եւ կարծես թէ բացակայ է մեր կեանքէն: «Ինծմէ կը խնդրուի զայն փնտռելը» կ'ըսէ Եսայի մարգարէն: «Փնտռեցէք Տէրը որքան որ պէտք է զայն գտնել» (Եսայի 55, 6):
Քրիստոսը կը փափաքի որ զինք ցանկամ, կը փափաքի որ մէկ կողմ դնեմ ամէն տեսակ մարդու փարումները. Բայց ու՞ր կրնանք զայն գտնել: Ասոր պատասխանը նոյնինքն Քրիստոսը կու տայ մէզի. «Առէք, կերէք, այս է իմ մարմինս» (Մաթ 26, 26), այսինքն սուրբ Հաղորդութեան մէջ:
«Հոն ուր երկու կամ երեք հոգի կը ժողովին իմ անունովս, ես հոն կ'ըլլամ» (Մաթ 18, 20), այսինքն աղօթքին միջոցաւ:
«Ան որ կ'ուզէ ինծի հետեւիլ թող իր խաչը առնէ» (Ղուկ 9, 23), այսինքն խաչով:
«Եւ Բանն Աստուծոյ քովն էր եւ Բանն Աստուած էր» (Յովկ 1, 1), այսինքն Աւետարանով:
Ո՜վ Յիսուս Քրիստոս, կը հաւատամ որ դուն թագաւոր ես, այս աշխարհիս ստեղծողը. գիտեմ որ կը փափաքիս որ գանձ մը ըլլաս ինծի համար, նուրբ եւ հարուստ մարգրիտ մը: Դժբախտաբար դեռ այն վառուն եռանդը չունիմ քեզ փնտռելու եւ ունենալու համար, բորբոքէ իմ մէջս այս եռանդը հաւատարիմ մնալու քու փափաքիդ եւ ճշմարտութեանդ, քեզ միշտ փնտռելով եւ գտնելով ամէնուրէք: Ամէն:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.