2014-09-16 08:24:18

Անին լքուած ու անտեսուած է Թուրքիոյ մէջ


Աւստրալիական news.com պարբերականը յօդուած մը նուիրած է հայոց Բագրատունիներու մայրաքաղաք Անիին: Յօդուածին մէջ կցուած են աւելի քան 60 հազար մնայուն ընթերցող ունեցող «Yomadic» ճամբորդական «պլակ»ի լուսանկարները՝ Անիի աւերակները ներկայացնող։
Կայքը գրած է.
«Հնագոյն քաղաք Անին հիմնադրուած է աւելի քան 1600 տարի առաջ եւ եղած է այդ ժամանակաշրջանի աշխարհի մեծագոյն մայրաքաղաքներէն մէկը: Այսօր անիկա աւերակ է: Գտնուելով այժմու Թուրքիոյ արեւելեան մասին մէջ՝ Պոլիսէն հազարաւոր քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, Անին կառուցուած է առեւտրական բանուկ ճամբաներու քառուղիին վրայ եւ 11րդ դարուն վերածուած է աւելի քան 100 հազար բնակչութիւն ունեցող պարսպապատ ծաղկուն քաղաքի:
Իր ծաղկման գագաթնակէտին՝ հայոց թագաւորութեան մայրաքաղաք Անին եղած է հարստութեան, շքեղութեան եւ ճարտարապետական հրաշալիքներու քաղաք: Անիկա նշանաւոր եղած է նաեւ որպէս հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք, իսկ անոր եկեղեցական կառոյցները, արքայական պալատներն ու ամրոցները իրենց ճարտարագիտական եւ գեղագիտական իւրայատկութեամբ համալրած են աշխարհի առաջատար կառոյցներու շարքը:
Շինարարութեան մէջ գլխաւորաբար օգտագործուած է տեղական հրաբխային պազալթը, որուն վրայ դիւրութեամբ կարելի է փորագրել եւ ունի բազմաթիւ գոյներ՝ դեղնաւունէն մինչեւ կարմրավարդագոյն եւ սաթի պէս սեւ: Բագրատունիներու մայրաքաղաքը եւ զայն շրջապատող տարածքները բազմիցս նուաճուած են բիւզանդական կայսրերու, օսմանեան թուրքերու, քիւրտերու, վրացիներու եւ ռուսերու կողմէ։ Մինչեւ 1300ական թուականները քաղաքը մեծ անկում կ՛ապրի եւ վերջնականապէս անտիրութեան կը մատնուի 1700ականներուն:
Աւելի քան 700 տարի մոռացութեան մատնուած այս աւերակները զոհերն են թուրք կողոպտիչներու ու բարբարոսներու, որոնք փորձած են անհետացնել հայոց պատմութեան հետքերը այդ տարածաշրջանին մէջ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.