2014-09-15 09:43:09

Յառաջիկայ 21 սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը միօրեայ այցելութիւն կը կատարէ Ալպանիա։


Անցեալ 31 յուլիս 2014-ին, հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Ալպանիայի մայրաքաղաք Թիրանա` կատարելիք միօրեայ առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը որ կ՛ընդգրկէ հանդիպումներ պետական ու քաղաքական իշխանութիւններուն հետ, հրապարակային Սուրբ Պատարագի արարողութիւն, հանդիպում` Ալպանացի եպիսկոպոսներուն ու նաեւ այլ կրօններու եւ դաւանանքներու պատկան պատուիրակութիւններուն հետ։ Նախատեսուած է նաեւ ժամասացութեան աղօթք` տեղական կղերի, կրօնաւոր եւ կրօնաւորուհիներու, նորընծաներու եւ աշխարհական շարժումներու անդմաներու մասնակցութեամբ ու ապա այցելութիւնը բարեսիրական կեդրոնի ։


Քորէա կատարած հովուական այցելութեան աւարտին, վերադարձի ճամբուն վրայ, իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ օդանաւին մէջ ունեցած զրոյցի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնեց թէ` ''հոն կ՛երթամ տանելու պատգամը թէ կարելի է միասնաբար աշխատիլ, ակնարկելով համայնավարութեան շրջանին, Եկեղեցւոյ կրած վնասներուն` որոնց շարքին քարուքանդ 1820 եկեղեցիներ։
Ալպանիան ունի 27,748 քմ քառակուսի տարածք եւ 3 միլիոն 250 հազար բնակչութիւն։ Կաթողիկէները կը կազմեն բնակչութեան գրեթէ 16 տոկոսը։ Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի 6 եկեղեցական գաւառ, 124 ժողովրդապետութիւններ եւ 25 հովուական կեդրոններ։
Ալպանիայի կաթողիկէ եպիսկոպոսական դասը կազմուած է 8 եպիսկոպոսներէ։ Անոնց հետ կ՛աշխատակցին 147 թեմական եւ կրօնաւոր քահանաներ, 2 մնայուն սարկաւագներ, 16 կրօնաւորներ եւ 478 կրօնաւորհունիներ, ինչպէս նաեւ 331 կրօնուսոյցներ։
Կաթողիկէ Եկեղեցին կ՛երաշխաւորէ 68 դրպրոցներ եւ 5 համալսարաններ։ Կը մատակարարէ նաեւ 8 հիւանդանոցներ, 29 դարմանատուներ, 16 ծերանոց եւ խնամատուներ, 16 որբանոցներ եւ այլ ընտանեկան ու կեանքի պաշտպանութեան նուիրուած կեդրոններ։

Թիրանա թեմի առաջնորդը` Մարիան Փալոքա արքեպիսկոպոսը, խօսելով Սրբազան Հօր առաքելական ճամբորդութեան մասին ըսած էր. ''Մեր փոքրաթիւ Եկեղեցին միշտ գորովով իր հայեացքը ուղղած է Հռոմի Եկեղեցւոյ ու ապրած ընդհանրականութեան կոչումը, նոյնիսկ համայնավարութեան անողորմ տարիներուն, երբ եկեղեցին կը նկատուէր հայրենիքի թշնամին։ Ուրախ ենք որ ս. Պետրոսի յաջորդը մեզի կու գայ հաւատքի մէջ հաստատելու եւ մեծարելու հաւատքի մեր մարտիրոսները։ Մեր ժողովուրդը` հաւատացեալ թէ ոչ, մեծապէս կը գնահատէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ու անոր գործունէութիւնը։ Գերապայծառ Փալոքա ապա ակնարկելով երկրի չորս համայնքներուն` մահմետական սիւննի, օրթոտոքս, կաթողիկէ եւ պեքդաշի մահմետական` ըսաւ. ''աստուածամերժ համայնավար վարչութիւնը սատարեց երկրի չորս համայնքներու կապերու ամրապնդումին։ Արդարեւ համայնավարութեան անկումէն ետք չորս համայնքները միասնաբար կը համագործակցին ընկերութեան բարրօրութեան։ Ալպանիան` կարելի է նկատել օրինակելի տիպար մը կրօնական համակեցութեան։ Ալպանացիները, դարերու հոլովոյթին, սորվեցան թէ կարելի է հաւատարիմ ըլլալ անձնական կրօնին յարգելով ուրիշին կրօնը։ Կարելի չէ հաճելի դառնալ Աստուծոյ, բռնաբարելով եղբօրը իրաւունքը։ Հետեւաբար Սրբազան Հայրը Ալպանիայի մէջ պիտի գտնէ կրօններու միջեւ խաղաղ համակեցութեան օրինակելի տիպար մը։
Յայտնենք որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութեան բնաբանն է. ''Աստուծոյ հետ միասին, դէպի ոչ վհատող յոյս''։ Այս բնաբանը, ըսաւ Թիրանայի առաջնորդը, կ'ուզէ ներկայացնել քրիստոնեայ ժողովուրդը որ յարութիւն կ'առնէ մարտիրոսներու արիւնով եւ կը շարունակէ հպարտութեամբ ընթանալ խաչին ետեւէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.