ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը դատապարտեց Բրիտանացի Տէյվիտ Հէյնզի գլխատումը:
ՄԱԿի ապահովութեան խորհուրդը խստիւ դատապարտեց, ՏԱՀԷՇԻ կողմէ գերեվարուած եւ բարբարօսութեամբ
գլխատուած Բրիտանացի Տէյվիտ Հէյնզի անմարդակային արարքը. նկատի առնելով, թէ սոյն Իսլամական
պետութիւնը պէտք է չախչախուի եւ անոր ատելութեան քարոզարշաւը պէտք է արմատախիլ ըլլայ։ Այս
առընչութեամբ, Ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ
Պարաք Օպամա եւ Ամերիկիոյ ժողովուրդը Բրիտանիոյ կողքին են եւ կը կիսեն անոր վիշտը։ Նշենք,
որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները մարդասիրական աշխատանք տանող բրիտանացին գլխատած էին` իբրեւ պատասխան
խմբաւորումին դէմ պայքարի միջազգային դաշինքի մաս կազմելու Բրիտանիոյ քայլին: