2014-09-15 09:14:41

Կիրակնօրեայ խօսքը. ծնունդը մեր ցնծութեան…


Սիրելի՛ ընթերցող, ամէն տարի, սեպտեմբեր 8-ին, մեր եկեղեցին, որ մայրը եւ դաստիարակն է իր հաւատացեալներուն ու մտահոգ` անոնց յաւիտենական երջանկութեամբ, կը կատարէ` «Տօն ծննդեան Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնին»:
Այս տօնախմբումին խորհրդածութեան համար սիւնակիս նիւթը կ՛առնեմ երրորդ աւետարանիչէն` Ս. Ղուկասէն այն հատուածը, որ ծանօթ է «Մեծացուսցէ» վերտառութեամբ (Ղկ. 1,39-56):
«Մեծացուսցէ» բայով կը սկսի Մարիամի շնորհակալութեան ու փառաբանութեան երգը, որ թէպէտ Նազարէթի Կոյսին ծանօթ Հին Կտակարանին տարբեր մատեաններու մէջ նմուշներ ունի, բայց եւ այնպէս ինքնասաց ու սրտաբուխ օրհներգութիւնն է:
Ուղղափառ ու կաթողիկէ եկեղեցիներուն երգաղօթքն է երախտագիտութեան եւ գովաբանութեան: Վանականութեան ամէնօրեայ սիրերգն է աղօթական: Մարեմասէր իւրաքանչիւր կրօնաւորին ու հոգեւորականին լո՜ւռ սրտաբխումն է առօրեային մէջ:
«Մեծացուսցէ»-ն սիրական բնագիրն է միջազգային երաժշտութեան մէջ: Հսկաներ, ինչպէս` Պախ, Վիվալտի եւ Հենտըլ, կատարեցին յօրինումներ: Նաեւ` սուրբ պատարագին ու ժամերգութեան մեր տոհմային երգեցողութիւնն ունի շատ գեղեցիկ եղանակներ:
Համաշխարհային գրականութենէն կը յիշեմ ֆրանսացի Փոլ Քլոտելի 1907-ին եւ սպանացի Ֆեռնանտօ Փեսսոայի 1933-ին գրած մարեմագով «Մեծացուսցէ»-ները:
«Մեծացուսցէ»-ն մեներգող Կոյսը Յովակիմի եւ Աննայի դուստրն է, որուն ծննդեան տօնը սկսած է արեւելքի մէջ Զ. դարակէսին, որովհետեւ ինչպէս Մարիամի Որդիին` Յիսուսի ծնունդը դարձաւ աղբիւրը մարդերու ցնծութեան, նոյնպէս Փրկչին Մօր ծնունդն ալ եղաւ ուրախութիւնը մարդկութեան:
Այս ցնծութեան եւ ուրախութեան արտաքին ու ներքին արձագանգն է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Յակոբ Ա. Կլայեցի հոգեւոր տիրոջ (1268-1287) յօրինած «Երգեցէ՛ք, որդիք Սիոնի» սկզբնաբառերով ծանօթ խորհրդագեղ շարականը, որմէ այս մէջբերուած իմացութիւններով հրճուինք եւ հրճուեցնենք:
«Երգեցէ՛ք, Սիոնի որդինե՜ր, նոր երգ մը Տիրամօր ծնունդին, որովհետեւ Ան, որ լոյս աշխարհ բերաւ Հօրմէն անժամանակ Ծնեալը, այսօր ծնաւ (Աննայի) ամուլ արգանդէն, եւ օրհնութիւն տուէ՛ք Անոր, որ մեզի շնորհեց Լուսամայրը:
Ցնծացէ՛ք, մարդերու որդինե՜ր, ծնունդով սուրբ Կոյսին, որովհետեւ Ան, որ Անտանելին առանց սերմին կրեց իր արգանդին մէջ, այսօր ծլաւ Յեսսէի արմատէն, եւ օրհնութիւն տուէ՛ք Անոր, որ մեզի շնորհեց Լուսամայրը:
Հրեշտակին աւետիսով` ամուլ Աննա ծնաւ աշխարհին ուրախութիւնը` Մարիամը, որ հին օրէնքը Տուողը մարմնով ծնաւ իբրեւ Պարգեւիչը նոր կտակին. օրհնութիւն տուէ՛ք Անոր, որ մեզի շնորհեց Լուսամայրը:
Դուն, արուսեակէն առաջ Հօրմէն ծնած Բանին Մա՜յր, ուրախացի՛ր, որ մարդերուն երկնային Լոյսը ծագեցիր իբրեւ Լուծիչը մեղքերու մթութեան, եւ հայցէ՛ Բանէն, որպէսզի մեզ ազատէ մեր մեղքերէն»:
Յիսուսի բերած ցնծութեան ու Մարիամի տուած ուրախութեան գովերգութիւնն է «Մեծացուսցէ»-ն, զոր աստուածայղի ու քրիստոսակիր Կոյսը հնչեցուց, երբ այցելեց իր Եղիսաբէթ ազգականին, որ, «լեցուած Ս. Հոգիով»` ներբողեց Կոյսին Աստուածամայրութիւնն ու հաւատքը. «Որքան մեծ բարիք է, որ Տիրոջս Մայրը կու գայ ինծի: Երանի՜ անոր, որ հաւատաց, թէ պիտի իրագործուին Տիրոջ կողմէ իրեն ըսուած խօսքերը» (Ղկ. 1,43, 45):
«Մեծացուսցէ»-ն Մարիամի հաւատաբո՛րբ պատասխանն է Գաբրիէլի ծանուցած խորհուրդներուն: Նախ` բացայայտեց շնորհավիճակը Նազարէթի Կոյսին: Երկրորդ` աւետեց անոր անարատ սրտին մէջ ըլլալիք մարդեղութիւնը Աստուածային Երկրորդ Անձին:
Իրաւացի է Մարիամ, երբ առաջնահերթօրէն յայտարարեց. «Անձս կը փառաբանէ Տէրը»: Ամէն բանէ առաջ ու վեր է Տիրոջ մեր տալիք փառատրութիւնը:
Ճիշդ է Մարիամ, երբ պատճառաբանեց իր ուրախութիւնը. «Հոգիս կը ցնծայ Աստուծով` իմ Փրկիչովս»: Աստուծմէ դուրս չի կրնար ուրախանալ մեր ներաշխարհը:
Իմաստուն է Մարիամ, երբ իր ընտրութիւնը վերագրեց Որդի-Փրկչին արժանիքին: Ամէն հոգեկան արժէքի եւ բարեմասնութեան ելակէտն է մեր խոնարհութիւնը:
Ներհայեցող է Մարիամ, երբ նախատեսեց. «Այսուհետեւ բոլոր ազգերը պիտի երանեն զիս»: Երկինքէն սկսած, Գաբրիէլէն յայտնուած եւ Եղիսաբէթէն շարունակուած մարեմագով սիրերգութիւնը միշտ կը ծորի Աստուծոյ յաւերժութեան մէջ:
Նոր Կտակարանին առաջին աստուածերգողն է Մարիամ, երբ շնորհակալ սրտով ներբողեց. «Հզօրը, որուն Անունը սուրբ է, սքանչելիքներ ըրաւ ինծի»: Գիտնա՛նք երախտագէտ ըլլալ Տիրոջ, որ արժանի ըլլանք մնալու Անոր երկրպագուները:
Մարիամ կը սիրէ մեզ, երբ մեզի կը թելադրէ ըլլալ աստուածապաշտ, որովհետեւ Տիրոջ «բարութիւնը սերունդէ սերունդ կը տարածուի իր երկիւղածներուն վրայ»:
Մարիամ կը սիրէ մեզ, երբ մեզ կը խրատէ ըլլալ խոնարհ ու հեզ, քանի Տէրը «տարածեց զօրութիւնը իր բազուկին եւ ցրուեց հպարտները իրենց սրտի խորհուրդով»:
Մարիամ կը սիրէ մեզ, երբ մեզի կը սորվեցնէ ճամբան մեծութեան: Տէրը «տապալեց հզօրները իրենց գահերէն, իսկ խոնարհները բարձրացուց»:
Մարիամ կը սիրէ մեզ, երբ մեզ կը դաստիարակէ ապաւինիլ նախախնամութեան, որ` «քաղցածները յագեցուց բարիքներով, իսկ հարուստները ճամբեց ձեռնունայն»:
Մարիամ կը սիրէ մեզ, երբ մեզի կ՛ապահովցնէ սիրայօժար գթասրտութիւնն Աստուծոյ, որ` «օգնութիւն ըրաւ իր ծառային», հաւատարիմի՛ն, պատուիրապահի՛ն:
Մարիամ կը սիրէ մեզ, երբ մեզի կը յիշեցնէ, թէ իր խօսքին Տէրն է Աստուած այնպէս, «ինչպէս ըսած էր մեր հայրերուն` Աբրահամին եւ ասոր սերունդին` յաւիտեան»:
Կ՛աղօթեմ, որ դուն, ես եւ ան` մենք ապաւինինք մեր Մօր վճիտ սիրոյն` անկէ վարակուելով, որպէսզի մենք ալ կարենանք հնչեցնել «մեծացուցէ»-ն մեր կեանքին:
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ








All the contents on this site are copyrighted ©.