2014-09-14 11:42:57

Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պսակի խորհուրդը մատակարարեց 20 զոյգերու։


''Ամուսնութիւնը միասնական ընթացք մըն է իր դժուարութիւններով եւ խոչընդոտներով, որ պէտք է հիմնուի Յիսուսի Խաչէն բխած սիրոյն վրայ''։

Կիրակի, 14 սեպտեմբեր 2014, Տօն վերացման սրբոյ Խաչին։
Առաւօտեան ժամը 9-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր տաճարին մէջ, գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին քսան զոյգերու մատակարարեց Սուրբ Պսակի խորհուրդը, առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ 5 – 19 հոկտեմբեր, Վատիկանի մէջ կայանալիք եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսին, նուիրուած ''Ընտանիքի հովութեան''։
Այս առաջին անգամն է որ Ֆրանչիսկոս Պապը, որպէս քահանայապետ, կը մատակարարէ Սուրբ Պսակի խորհուրդը։ Իրմէ առաջ, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը, Ընտանիքներու Յոբելինական տարւոյն առթիւ մատակարարած էր Սուրբ Պսակի խորհուրդը, 2000-ի յոբելինական տարւոյն ընթացքին։
25 – 56 տարեկան, զանազան խաւերու պատկանող քսան զոյգերը ընտրուած էին Հռոմի թեմի պատկանող ժողովրդապետութիւններէն։
Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումները ուր կը խօսուի Իսրայէլի ժողովուրդին անապատի ուղեւորութեան, Մովսէսի առաջնորդութեամբ։
Ասոնք` ըսաւ Սրբազան Հայրը – յատկապէս ընտանիքներ էին, հայրեր, մայրեր, զաւակներ, մեծ հայրիկ ու մեծ մայրիկներ, ամէն տարիքի այրեր ու կիներ որոնք ժուարութեամբ կ՛ընթանային այդ ճանապարհի վրայ։ Այս կը պատկերացնէ նաեւ այսօրուայ ընտանիքներու ճանապարհը, պատմութեան հոլովոյթին, յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ ընտանիքները առաջին վայրն են ուր մենք կը կազմաւորուինք որպէս անձ, ու թէ անոնք իսկական հիմնաքարեր են` ընկերութիւններու կառուցման համար։
Սրբազան Հայրը շարունակելով խորհրդածութիւնը Աստուածաշունչի պատմուածքի մասին ըսաւ` ''որոշ ժամանակահատուածին մարդիկը այլեւս չէին դիմանար այդ ճանապարհորդութեան։ Հոգնած էին։ Ջուրն ու կերակուրը կը պակսէին։ Թէեւ Աստուած անոնց կ՛ուղարկէ մանանան, անոնք կը շարունակեն բողոքել Աստուծոյ ու Մովսէսին դէմ` ''Ի՞նչու մեզի հոս բերիր''։ Փորձութեան մէջ էին` ետ վերադառնալ, թողուլ ընթացքը։ Այս – ըսաւ Սրբազան Հայրը – կը մատնանշէ այսօրուայ զոյգերու փորձութեան, որոնք հոգնած ճանապարհորդութեան դժուարութենէն, կ՛ուզեն ետքայլ կատարել։ Այս պահերուն է որ­ ինչպէս հին կտարակարանին մէջ նշուած է - թունաւոր օձեր կը յայտնուին որ մահ ու սարսափ կը յառաջացնեն։ Այս մէկը ժողովուրդը կը մղէ ապաշխարութեան եւ Մովսէս Տիրոջմէ կը խնդրէ որ հեռացնէ պատուհասը։ Ապա պղինձէ օձ մը կը սարքէ ու բոլոր անոնք որ այդ օձին կը նային կը փրկուին։
''Ի՞նչ կը խորհդանշէ այս մէկը'', հարց տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու պատասխանեց – ''Այդ պղինձէ արձանին միջոցաւ Աստուած կը յայտնէ իր զօրութիւնը` բուժելու զօրութիւնը որ է իր ողորմածութիւնը եւ որ աւելի հզօր է թոյներէն։
Յիսուսն է որ կը ներկայացնէ այդ խորհրդանիշը։ Հայրը, զայն պարգեւեց մարդոց` որպէսզի անոնք Կեանք ունենան։ Ու Աստուծոյ այս անհուն սէրը` Յիսուսը կը մղէ մարդեղութեան, որպէսզի մեռնի մեզի համար, Խաչին վրայ զոհուելով։
''Յիսուսի սէրը որ օրհնեց եւ նուիրագործեց պսակեալներու միութիւնը, կարող է նաեւ ողջ պահել անոնց սէրը ու զայն վերանորոգել ամէն անգամ որ ան կորստեան կը մատնուի։ Քրիստոսի սէրը կարող է նորապսակեալներուն վերադարձնել միասնաբար քալելու ուրախութիւնը, որովհետեւ Սուրբ Պսակը կը նշանակէ միասին ընթանալ ու մէկը միւսին դիկունք կանգնիլ'' հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա պսակեալ զոյգերուն յանձրարեց որ հակառակ կեանքի խոչընդոտներուն ''երբեք օրը չփակել առանց հաշտութեան''։
Սուրբ Պսակը Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ սիրոյ խորհուրդն է, սէր մը որ Խաչին մէջ կը գտնէ իր երաշխիքը – ըսաւ Քահանաապետը քարոզին աւարտին ու ապա նորապսակեալներուն մաղթեց որ իրենց ճանապարհորդութիւնը ըլլայ պտաղտու եւ անոնց սէրը միշտ աճի։
''Ձեզի կը մաղթեմ երջանկութիւն։ Թէեւ պիտի ըլլան խաչեր։ Սակայն Տէրը միշտ ներկայ է մեզ օգնելու որպէսզի կարենանք յառաջ ընթանալ''։ Թող Աստուած ձեզ օրհնէ։ Եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.