2014-09-13 08:22:41

Ֆրանչիսկոս Պապը Նոյեմբերին կ՛այցելէ Թուրքիա։


Ուրբաթ, 12 սեպտեմբեր 2014-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, հաստատեց թէ Սուրբ Աթոռը, 12 սեպտեմբերին, ստացած է Թուրքիոյ նախագահ` Էրտոկանի պաշտօնական հրաւէրը ուղղուած Ֆրանչիսկոս Պապին, այցելելու համար երկիրը։
Հայր Լոմպարտի յայտնեց նաեւ որ յառաջիկայ օրերուն պիտի հաստատուին օրակարգը եւ ճամբորդութեան երկարութիւնը որ տեղի պիտի ունենայ նոյեմբերի վերջաւորութեան։
Յայտնենք որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Թուրքիա կատարելիք այցելութեան գլխաւոր կէտնպատակներէն մին է` հանդիպիլ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա-ին հետ։
Զմիրնի թեմի արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Ռուճճերօ Ֆրանչէսքինի, Ռատիովատիանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, յայտնեց որ Սրբազան Հօր Թուրքիա այցելութիւնը կը զուգադիպի ''Սուրբ Անդրէասի'' տօնին, որ ամէն տարի կը նշուի 30 նոյեմբերին եւ որուն առթիւ ընդհանրապէս Վատիանեան մէկ պատուիրակութիւն մը կը ժամանէ թուրքիա։








All the contents on this site are copyrighted ©.