2014-09-13 10:22:55

Ռուհանի. «Իրաքի մէջ այն ինչ որ տեղի ունեցաւ մեծ տէրութեանց վարմունքին ժառանգն է»:


Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Շենկհայի վեհաժողովին ընթացքին յայտնեց, որ «այն ինչ որ Իրաքի մէջ տեղի ունեցաւ մեծ տէրութեանց վարմունքին ժառանգն է»` նշելով, որ «այսօր շրջանին մէջ տագնապը այն է, որ շրջանը վերածուած է ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան քաշողական կէտի»:
Իրանի նախագահը նշեց, որ այդ հարցին լուծումը կարիք ունի վճռակամութեան ու կամքի, ինչպէս նաեւ շրջանի եւ աշխարհի երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան` աւելցնելով, որ այն երկիրները, որոնք ահաբեկչութիւնը զինեցին, այսօր անդրադարձան, որ այդ խմբաւորումները կարելի չէ վերահսկողութեան տակ պահել:
«Ան որ կը կարծէ, թէ օդանաւերով ռմբակոծելը կրնայ ահաբեկչութեան հարցը լուծել, կը փորձէ իսկական ճակատումէն փախուստ տալ եւ պարզամիտ է», ըսաւ Ռուհանի` աւելցնելով. «Ահաբեկչութեան ու ծայրայեղութեան մշակոյթի դիմակայումը կը պահանջէ շրջանային մակարդակի վրայ քաղաքական եւ հասարակական գիտակցութիւն»:
«Ռոյթըրզ» երէկ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ սուրիական տագնապէն ազդուած ժողովուրդներուն 500 միլիոն տոլար յատկացուցած է:
Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը գրէ, որ ըստ «Սի.Այ. Էյ.»-ի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ գործող ՏԱՀԵՇ-ի անդամներուն թիւը քսան հազարէն 31,500-ի միջեւ է: Նախապէս «Սի.Այ.Էյ.»-ը այն կարծիքին էր, որ անոնց թիւը 10 հազար է: Բացի ատկէ, «Սի.Այ.Էյ.»-ը նախապէս կը նախատեսէր, որ Միացեալ Նահանգներէն շրջան ժամանած ահաբեկիչներու թիւը հազար է, սակայն իրականութեան մէջ անոնց թիւը երկու հազար է:







All the contents on this site are copyrighted ©.