2014-09-13 11:49:39

Խաչվերաց


RealAudioMP3 Ինչպէս Մովսէս օձը բարձրացուց անապատին մէջ, այնպէս պէտք է բարձրանայ Մարդու Որդին, որպէսզի ամէն մարդ որ հաւատայ անոր, ընդունի յաւիտենական կեանքը:
Այսօր, Եկեղեցին կը փառաբանէ խաչն ու խաչեալը Խաչվերացի Տօնով, որ խաչի տօներուն մէջ ամէնէն գլխաւորն ու ժողովրդականն է:
Նիկոդեմոսի ուղղած իր խօսքին մէջ` Յիսուս պատկերը կու տայ Մովսէսի պղինձէ օձին: Երբ հրեայ ժողովուրդը, անապատի կիզիչ արեւուն տակ կը քալէր դէպի խոստացուած Երկիրը, շատ մը խոչընդոտներու հանդիպեցաւ. ի միջի այլոց թունաւոր օձերու, որոնց մահացու խայթոցներով մեծ աւերներ գործեցին հրեաներու ժողովուրդին մէջ: Մովսէս, Աստուծոյ հրամանին վրայ, շինեց պղինձէ օձ մը ու զայն ձօղի մը վրայ բարձրացուց, որպէսզի տեսանելի ըլլայ ժողովուրդին կողմէ. իւրաքանչիւր խայթուող որ նայէր այդ պղինձէ օձին, զերծ կը մնար թունաւորումէ, եւ չէր մեռներ:
Այս պղինձէ օձը նախապատկերն է խաչափայտին վրայ բարձրացած Յիսուսին: Այն հաւատացեալը որ իր աչքերը եւ իր սիրտը իրեն ուղղէ, ու հաւատայ անոր, յաւիտենական կեանք կ՛ունենայ, իսկ ան որ կը մերժէ զինք, ինքզինք կը կորսնցնէ եւ կը մեռնը յուսահատութեան մէջ:
Սիրելիներ, Ս. Խաչը` քրիստոնեաներուս համար էական է, որովհետեւ ան կը պարունակէ մեր հաւատքի երեք գլխաւոր եւ ամենամեծ խորհուրդները` Ամենասուրբ Երրորդութեան, Մարդեղութեան եւ Փրկագործութեան խորհուրդները: Ան ամբողջ քրիստոնէական հաւատքի համառօտութիւնն է: Բոլոր աղօթքները, ծիսակատարութիւնները, օրհնութիւնները, ս. խորհրդոց մատակարարութիւնը, մկրտութենէ սկսեալ մինչեւ յուղարկաւորութիւն կը սկսին ու կ’աւարտին Ս. Խաչի նշանով: Հետեւաբար, բնական էր որ Խաչը տարուան մէջ ունենայ իրեն յատուկ նուիրուած օրեր:
Դարերէ ի վեր երկրպագութեան պաշտամունքի առարկայ եղած է Ս. նշանը, որովհետեւ անոր վրայ իր հոգին աւանդած է աշխարհի Փրկիչը` Յիսուս Քրիստոս որ զայն ոռոգած է եւ նուիրագործած է իր աստուածային անգին եւ անապական արիւնովը: Խաչը որ առաջ անարգանքի գործիք էր, Յիսուսի մահէն ետք դարձած է նշան յաղթութեան, փառքի, գաւազան զօրութեան, մեր սիրոյն եւ երկրպագութեան առարկայ: Քանիներ ի տես Ս. Խաչին` արիացան եւ իրենց կարգին` դիւցածնաբար բարձրացան խաչի վրայ եւ իրենց կեանքը տուին եւ կը շարունակեն տալ Քրիստոսի սիրոյն եւ քրիստոնէական հաւատքին համար:
Խաչն ունի խորհրդանշական երկու մաս. մէկը ուղղահայաց, միւսը՝ հորիզոնական, որ ցոյց կու տայ դէպի երկինք եւ դէպի աշխարհը ծաvալուող ճանապարհները: Ըստ սուրբ հայրերու, խաչի խորհուրդը Աստուծոյ եւ աշխարհի հետ հաշտ ապրիլն է: Ըստ Գրիգոր Տաթեւացիին, Խաչը դարձաւ երկնքի եւ երկրի միջեւ եղած վիհը միացնող կամուրջը, դրախտի դռները բացողն ու երկնային արքայութիւնը որպէս ժառանգութիւն տուողը:
Յիսուս ըսաւ. «Ան որ իր խաչը չ’առներ եւ ինծի չի հետեւիր, արժանի չէ ինծի»: Ուստի, Քրիստոսին հետեւելու էական պայմանը խաչը առնելն է ու իրեն հետեւիլն է: Արդ, որքանո՞վ մենք պատրաստ ենք, առանց տատամսելու եւ առանց դժգոհելու ամենօրեայ խաչերը, ցաւերը, դժուառութիւնները տանելու վասն Քրիսոտսի: Ո՞րքանով մենք պատրաստակամութիւն կը յայտնենք մեր մերձաւորները սիրելու: Ո՞րքանով զոհողութիւններ կ’ընդունինք մեր կեանքին մէջ: Մենք մեզ չխաբենք, կարծելով թէ այս կեանքը պէտք է անցնի առանց ցաւի: Ամէն ոք ունի իր կրելիք խաչը: Չգանգատինք մեր կեանքի խաչերուն համար, ո՛չ ալ կարծենք որ ուրիշներունը աւելի թեթեւ է: Ընդհակառակը, մտածենք թէ որքան ծանր է ուրիշներուն խաչը` եւ մեր խաչը թեթեւ պիտի գտնենք: Աստուած իմաստուն հայր է. իւրաքանչիւրին ուսին համաձայն կու տայ խաչը: Խաչը ներշնչարան մը ըլլալու է մեզմէ իւրաքանչիւրին համար արիութեան, քաջութեան եւ համակերպութեան Աստուծոյ կամքին` կեանքի հազար ու մէկ նեղութեանց մէջ: Խաչի կեանքը, կեանքն է խաղաղութեան, սիրոյ, արդարութեան, հաշտութեան եւ բոլորին ամբողջութիւնը եղող նուիրումի եւ զոհողութեան:
Ապաւինելով խաչի զօրութեան, գոհութիւն յայտնենք Աստուծոյ, որ մեզի համար անարգուեցաւ ու ձաղկուեցաւ, որպէսզի մեզ փրկէ: Սուրբ խաչի վերացման տօնէն բխող պատգամն է, որ արօրեայ խաչակնքումը` մեզի համար ոչ թէ ձեւական ու մեքենական շարժում մ’ըլլայ, այլ ամէն անգամ երբ կը խաչակնքենք պահ մը անդրադառնանք այն մեծ ինքնազոհութեան, զոր Աստուած իրականացուց խաչին վրայ մեր փրկութեան համար: Թո՛ղ որ ամենաբարին Աստուծոյ խաչը դառնայ մեզի ապաւէն ընդդէմ բոլոր չարութիւններուն Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին շնորհքներով, որոնց կը վայելէ փառքը, իշխանութիւնը եւ պատիւը, այժմ եւ միշտ: Ամէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.