2014-09-13 09:13:29

Ամմանի մէջ տեղի պիտի ունենայ կաթողիկէ-օրթոտոքս խառն յանձնախումբի հանդիպումը` եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը եւ Քահանայապետի գլխաւորութիւնը նիւթին մասին։


Նախաձեռնութեամբ Երուսաղէմի Յոյն Օրթոտոքս պատրիարքութեան, 15-23 Սեպտեմբեր 2014, Ամմանի մէջ տեղի պիտի ունենայ կաթողիկէ-օրթոտոքս միջազգային խառն յանձնախումբի 13-րդ լիանիստ ժողովը ` եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը եւ Քահանայապետի գլխաւորութիւնը նիւթին մասին։ Աշխատանքներուն կը մասնակցին Երուսաղէմի Յոյն Օրթոտոքս պատրիարքը` գերերջանիկ Թէոֆիլոս Գ. եւ կարտինալ Քիւրտ Քոխ` նախագահը քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ-օրթոտոքս միջազգային խառն յանձնախումբի անդամները։ Շաբաթ, 20 Սեպտեմբերին ժողովականները ներկայ պիտի գտնուին Ամմանի Նազարէթի Տիրամօր կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցող ծիսակատարութեան։ Իսկ կիրակի 21 Սեպտեմբերին պիտի մասնակցին Ամմանի յոյն օրթոտոքս եկեղեցւոյ մէջ մատուցանուելիք ծիսակատարութեան ։ Նոյնպէս նախատեսուած է որ կաթողիկէ-օրթոտոքս միջազգային խառն յանձնախումբը այցելութիւն կատարէ սուրիացի գաղթականներուն ի նշան զօրակցութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.