2014-09-13 09:03:03

''l'Œuvre d'Orient'' ֆրանսական բարեսիրական մարմնին գնահատումով քրիստոնեաներուն համար ապագայ չկայ Միջին Արեւելքին մէջ, եթէ իսլամներուն հետ երկխօսութիւն չհաստատուի ։


ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի իսլամներու ի սպաս ազգային սպասարկութեան մարմնի եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու օգնութեան հասնող բարեսիրական ''l'Œuvre d'Orient'' հաստատութեան գնահատումով, քրիստոնեաները ապագայ չունին Միջին Արեւելքի մէջ, եթէ երկխօսութիւն չհաստատեն իսլամութեան հետ։
Երկու մարմինները կը զգուշացնեն քրիստոնեաները իրաքեան ողբերգութիւնը շահագործելէ։ Իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութիւնը աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է։ Երկու մարմինները կը մատնանշեն որ քրիստոնեաները, եզիտիները, շիիթները եւ սիւննիները կը մերժեն իսլամական պետութիւնը, անիկա կը շահագործէ իսլամ կրօնը իր սեփական շահերուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.