2014-09-12 11:17:18

Քանատայի Եպիսկոպոսաց համաւաք դասի տարեկան ընդհանուր ժողովը։


15-էն 19 սեպտեմբերին. Քանատայի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը կը գումարէ իր տարեկան ընդհանուր ժողովը։
Ժողովի բացումը կը կատարուի Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ զորս կը մատուցուի Քէպէքի Տիրամօր նուիրուած Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ՝ նախագահութեամբ Հաւանայի թեմի Արքեպիկոպոս՝ Կարտինալ Լուքաս Օրթէկայի որ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն նշանակուած է յատուկ պատուիրակ գլխաւորելու համար Եկեղեցւոյ կառուցման 350-րդ ամեակի տօնախմբութիւնները։ Քէպէքի Տիրամօր նուիրուած Աթոռանիստ եկեղեցին հռչակաւոր է որպէս՝ Հիւսիսային Ամերիկոյ մէջ հիմնուած առաջին պաշտօնական ժողովրդապետութիւն, Սպանական գերիշխանութենէն դուրս։
Քանատայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի տարեկան ժողովին կը զրուցէ նաեւ Կարտինալ Լուքաս Օրթէկան որ կը ներկայացնէ ''ընկերային եւ եկեղեցական մարտահրաւէները ընդդէմ աւետարանացումին'' նիւթը՝ հիմնուելով Լատին Ամերիկիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի` 2007-ին մայիսին տեղի ունեցած 5-րդ ընդհանուր ժողողէն հրատարկուած ''ափարեսիտայի'' թղթածրարին վրայ, ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ''Evangelii Gaudium'' առաքելական յորդորագիրին վրայ։
Քանատայի Եպիսկոպոսները իրենց ընդհանուր ժողովի ընթացքին պիտի քննարկեն հովուական գործունէութիւնները, եպիսկոպոսական դասի զանազան յանձնախումբերու տարեկան հաշուէկշիռները ինչպէս նաեւ պիտի բաժնեկցին՝ աշխարհի հարաւային կողմերէ ժամանած կղերականներու մտահոգութիւնները, որոնք կը պայքարին սովի եւ սննդեղէնի պակասութեան դէմ։
Ժողովականները պիտի քննարկեն նաեւ ընտանիքի մասին Եպիսկոպոսաց արտակարգ սիւնհոդոսի 3-րդ ընդհանուր ժողովին աշխատանքային թղթածրարը, որ պիտի ուսումնասիրուի հռոմի մէջ գումարուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընթացքին յարաջիկայ հոկտեբեր ամսոյն եւ որ ունի որպէս նիւթ` ''Ընտանիքի հովուական մարտահրաւրէները աւետարանացումի շրջագիծէն ներս''։







All the contents on this site are copyrighted ©.