2014-09-12 08:58:36

Վիժումի բարոյական արժեւորումը


RealAudioMP3 Նախապէս խօսեցանք վիժումի մասին, եւ ըսինք թէ անբարոյ է դիմել վիժումի: Երբ կ՛ըսենք թէ անբարոյ է դիմել վիժումի, կ՛ակնարկենք ազատ ու կամաւոր վիժումին, որոշուած եւ իրագործուած մարդկային կամքով:
Բնական վիժումը ցաւալի իրողութիւն մըն է այն կնոջ համար, որ կը փափաքի մայրութիւնը. ասիկա չի պարփակուիր բարոյական ծիրին մէջ, որովհետեւ ան մարդկային ազատ գործ չէ:
Նախապէս կնրայ տեղի ունեցած ըլլալ պատասխանատու պատճառ մը, որ առաջնորդած ըլլայ այնպիսի կացութեան մը, որու հետեւանք ըլլայ բնական վիժումը:
Ասիկա պէտք չէ մտատանջէ մեզ, երբ դիտաւորութիւնը ուղիղ է եւ մեծ կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ մեծ արժէք կը ներկայացնէ անձին համար. կրնայ զայն ընտրել, նոյնիսկ երբ անձը գիտակից է որ կրնայ բնական վիժում առաջ գալ:
Գոյութիւն ունի այլ դիտաւորութիւն մը որ կը պարփակէ վիժումը, որ բարոյապէս օրինաւոր է. այսինքն անուղղակի վիժումը:
Երեւակայենք յղի մայր մը, արգանդի ուռեցքով: Մայրը ազատելու համար, ուրիշ ելք չկայ եթէ ոչ հեռացնել արգանդը. բայց արգանդը կը պարունակէ մանուկը, որ գործողութեան հետեւանքով մանուկը մահուան կրնայ ենթարկուիլ: Այս մայրը բարի դիտաւորութիւն ունի երբ կը փափաքի ազատել իր կեանքը գործողութեամբ. երկուքն ալ արդար են` թէ վախճանը եւ թէ միջոցը: միջոցը ուռեցք ունեցող արգանդին վերացումն է, ոչ` ծոցուորին մահը. եւ մօր ուզած վախճանը իր կեանքին ազատութիւնն է, եւ ոչ` ծոցուորին մահը`
Զաւակին մահը տեղի կ՛ունենայ ոչ թէ մօրը յստակ դիտաւորութենէն, այլ` հիւանութեան անողոք հետեւանքէն:
Աւելի յստակ կերպով կրնանք եզրակացնել թէ, զաւակին մահը տեղի կ՛ունենայ , ցաւալի կերպով, այնու որ մայրը թոյլ կու տայ գործողութեան ենթարկուելու:
Հոս կը շեշտենք օրինաւոր վիժումին երկու ձեւերուն վրայ ` բնական եւ անուղղակի), նոյնիսկ երբ ստէպ չեն պատահիր, բայց երկու միտքեր կ՛արտայայտեն:
Նախ եւ առաջ, Եկեղեցիէն դատապարտուած վիժումը անտրամաբանական, նախապաշարուած, նախադատական, ընդհանրական հաստատուշ մը չէ: Եկեղեցին կը դատապարտէ վիժումը միայն եւ միշտ, երբ գոյութիւն ունի սպաննելու յստակ կամքը:
Ասկէ զատ, այն երկու թոյլատրուած վիժումները կը նշեն թէ` Եկեղեցւոյ դիրքը բացարձակապէս կողմնորոշուած չէ պաշտպանելու մի միայն մանուկը, եւ թէ կինը անձնական իրաւունքներ չունենայ պաշտպանելու համար նաեւ իր կեանքը, երբ մայր կը դառնայ: Երբ կինը այդ արարքը կը գործէ առանց չար կամքի, լաւ կ՛ընէ մտածելով իր մասին:
Դժբախտաբար երբ կը մտածուի եւ կը գործադրուի վիժումը, ընդհանրապէս կը վերագրուի ուղղակի եւ կամաւոր վիժումին, այսինքն վիրաբուժական գործողութեան որ կը սպաննէ ծոցուորը:
Վիժումին կը դիմուի իբրեւ յետին, ցաւալի որոշում, ստանալու համար կամ պաշտպանելու ` ուրիշ կարեւոր արժէքներ: Բայց միշտ, ի վերջոյ փափաքուած է այդ վիժումը, փափաքուած է իբրեւ միջոց, ոչ իբրեւ վախճան, բայց իրապէս փափաքուած:
Ուստի, ուզել սպաննել անմեղ մարդկային էակ մը, ինքնիր մէջ չարագործութիւն մըն է:







All the contents on this site are copyrighted ©.