2014-09-12 09:41:08

Խաղաղ ցոյց առ ի զօրակցութիւն Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն։


''Մենք ամէնքս Իրաքցի քրիստոնեաներ ենք եւ կը մերժենք քաղաքակրթութիւններու բախումը'': Այս լոզունգին տակ ֆրանսացիները հրաւիրուած են մասնակցելու ազգային միութիւն բնոյթ ունեցող խաղաղ ցոյցի մը` որ տեղի կ՛ունենայ յառաջիկայ կիրակի, 14 Սեպտեմբերին, զօրակցութիւն յայտնելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որոնք ներկայիս թիրախ են իսլամական պետութեան հարստահարումներուն։
Այս նախաձեռնութեամբ, կազմակերպիչները կը պահանջեն քաղաքական ու կրօնական պատասխանտուներէն, բնորոշել իրենց կեցուածքը յաչս իսլամական պետութեան ստեղծումին։
''Իրաքի քրիստոնեաները, ինչպէս հոն գործող բազմաթիւ լրագրողներ, պայքար կը մղեն ու կը մեռնին մեր կրօնական ու խիղճի ազատութեան համար։ Ներկայիս արեւմուտքի լրագրողները թիրախ են ծայրայեղ մահմետականներուն։ Անոնք կը սպաննուին ու կը գլխատուին որովհետեւ կը տեղեկագրեն Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ողբալի իրավիճակին մասին։ Յաչս այս կացութեան լռելու չենք. հարկաւոր է ժողովրդական զանգուածային գիտակցութիւն մը որպէսզի միջազգային հասարակութիւնը դիրք մը բռնէ ու անշարժ չի մնայ'' կր գրեն Խաղաղ ցոյցի կազմակերպիչները։







All the contents on this site are copyrighted ©.