2014-09-10 10:30:58

Ընտանիքի մասին Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսի ներկայացումը մամուլին։


5-19 հոկտեմբեր 2014, Վատիկանի մէջ տեղի կ`ունենայ եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսը որուն նիւթն է ''Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները աւետարանութեան ծիրէն ներս''։
Սիւնհոդոսին կէտնպատակն է, ըսաւ կարտինալ Լորէնցօ Պալտիսսէրին` եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին ընդհանուր քարտուղարը, ներկայ աշխարհին պարզել ընտանիքին գեղեցկութիւնն ու արժէքները, որ ի յայտ կու գան Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումէն, միակը որ կը փառատէ վախը եւ կը ներշնչէ յոյսը։
Երկու շաբաթուայ աշխատանքներուն, սիւնհոդոսին մասնակցողները միասնաբար պիտի խորհրդածեն պատրաստուած աշխատանքային թղթածրարի վրայ որ հրապարակուեցաւ անցեալ յունիսին։
Սիւնհոդոսին կը մասնակցին հինգ ցամաքամասերու ներկայացուցիչները, որոնց շարքին` եպիսկոպոսական դասերու 114 նախագահները, Արեւելեան կաթողիկէ համայնքներու 13 հովուապետերը, Վատիկանի վերին վարչութեան 25 կառավարիչներն ու նախագահները, եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի 9 անդամները, 3 կրօնաւորներներ ընտրուած ընդհանուր մեծաւորներու միութենէն, 26 անդամներ նշանակուած Սրբազան Քահանայապետէն, քոյր եկեղեցիներու 8 պատուիրակներ, 38 ունկնդիրներ, որոնցմէ 13ը պսակուած զոյգեր են եւ 16 մասնագէտներ։ Ընտանիքի արտակարգ սիւնհոդոսին մասնկացողներու ընդհանուր թիւն է 253։
Այս ժողովը կու գայ համապատասխանելու ֆրանչիսկոս Քահանայապետին եկեղեցին բարենորոգելու կամքին։ Ընտանիքի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը պիտի ունենայ երկու հանգրուան` առաջինը` 2014-ին` արտակարգ սիւնհոդոսը, որուն ընթացքին մասնակցողներուն առիթ պիտի տրուի շօշափելու եւ ծեծելու ընտանիքի հայող հարցերը։ Եկրորդը` սովորական սիւնհոդոսը 2015-ին, որուն աշխատանքներու աւարտին պիտի հրապարակուի սիւնհոդոսական վաւերաթուղթը։
Գերապայծառ Պրունօ Ֆորթէ, առաջնորդը Իտալիոյ Քիէթի-Վասթօ թեմին եւ արտակարգ սիւնհոդոսին յատուկ քարտուղարը ըսաւ` ''այս սիւնհոդոսի ռավհիրանները պիտի ըլլան պսակեալները, ծնողները որոնք շնորհիւ իրենց փորձառութեան կարող են սատարել եւ օգնել պատշաճ ընտրութիւններ կատարելու եւ նոր սլացք մը տալու ընտանեկան հաստատութեան։ Ընտաինքի Աւետարանը անոնք են, որոնք անձամբ կ`ապրին որպէս պսակուած զոյգեր եւ ծնողներ։ Հետեւաբար եկեղեցին իր խօսքը կ`ուզէ ուղղել ոչ թէ ընտանեկան հաստատութեան մը այլ այն ենթականերուն որոնք կ`ապրին իրենց պսակեալի կեանքը, իր հարցերով, դժուարութիւններով ու գեղեցկութեամբ ասոնց համար պատշաճ լուծումներ ընտրելու դիտաւորութեամբ։
Գերապայծառ Ֆորթէ հուսկ յիշեցուց, որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հռչակած է յառաջիկայ 28 Սեպտեմբերը որպէս սիւնհոդոսին յաջողութեան համար աղօթքի օր, որպէսզի Ս. Հոգին լուսաւորէ Սիւնհոդոսական Հայրերը հաւատալի եւ ընդունելի առաջարկներ բանաձեւելու Եկեղեցւոյ ու ընտանիքին համար։
Մաղթանքս է ըսաւ գերապայծառ Ֆորթէ որ սիւնհոդոսական հայրերը կարողանան մատնանշել երջանիկ ու միացեալ ընտանիքի կազմութեան ուղիները, ըլլայ վիրաւորեալ ընտանիքներու, ըլլայ բաժնուած եւ կրկին պսակուած զոյգերու։ Աստուծոյ սիրոյ ու ողորմութեան Աւետարանը բոլորին ուղղուած է, եկեղեցին ուրիշ բան չէ եթէ ոչ միջոցը Աստուծոյ անհուն ողորմութեան, իրականացուած` Յիսուսի Քրիստոսի մէջ։ Այս միջնորդութիւնը` փրկութեան ու պատմութեան միջեւ, մարտահրաւէր մըն է մեզի համար, որուն համար կանչուած ենք ստանձնել պատասխանատութիւն մը որ թէեւ հեշտ չէ, սակայն վստահ ենք որ Տէրը մեր օգնութեան պիտի հասնի։








All the contents on this site are copyrighted ©.