2014-09-02 10:07:16

Քամերունի Եկեղեցին թիւերով։


1 – 6 Սեպտեմբեր 2014, Քամերունի եպիսկոպոսական համահաւք դասի անդամները, հռոմ կը ժամանեն իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Բացի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ ունենալիք իրենց հանդիպումներուն, եպիսկոպոսները առիթ կ՛ունենան հանդիպելու նաեւ Սուրբ Աթոռի զանազան գրասենեակներու պատասխանատուներուն հետ, անոնց փոխանցելու իրենց թեմերու մտահոգութիւնները եւ միասնաբար քննարկելու հարցերու պատշաճ լուծումներ։

Քամերունի հանրապետութիւնը ստեղծուած է` 1 սեպտեմբեր 1961-ին։ Քամերունի հանրապետութիւնը ունի 475,440 քմ քառակուսի տարածք, եւ 2012-ի վճակագրութեան համաձայն, 20.386,799 միլիոն բնակչութիւն որուն 50 տոկոսը քրիստոնեայ է։ Կաթողիկէները կը ներկայացնեն բնակչութեան 27 տոկոսը (5,529,000)։Քամերունի մէջ ներկայ է նաեւ մահմետական մեծ համայնք մը իր 4 միլիոն հետեւորդներով։

Կաթողիկէ եկեղեցին Քամերունի մէջ ներկայ է հինգ աւագ թեմերով եւ այլ 20 թեմերով, ուր կը գործեն 816 ժողովրդապետութիւններ շնորհիւ` 1350 քահանաներու եւ 2600 զանազան միաբանութիւններու պատկանող կրօնաւոր - կրօնաւորուհիներու։
Կաթողիկէ Եկեղեցին կ՛երաշխաւորէ նաեւ 1500 դաստիարակչական կեդրոններ, 28 հիւանդանոց եւ այլ հարիւրաւոր դարմանատուներ ու ընկերային կեդրոններ։Քամերունի եպիսկոպոսական համահւաք դասը` 2014-ին հիմնեց ''ճշմարտութեան հեռատեսիլ'' անունով հեռուստակայան մը։
Քամերունի մէջ գործող Պոքօ Հարամ ծայրայեղ մահմետական կազմակերպութիւնը յարաատեւ սպառնալիք մըն է քրիստոնեայ համայն հասարակութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.