2014-09-02 10:02:02

''Մենք փոքրամասնութիւն չենք. Մենք Քրիստոսի Եկեղեցին ենք որ երկու հազար տարիէ ի վեր կ՛ապրի Միջին Արեւելքի մէջ'' ըսաւ Ռայի Պատրիարքը։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ այս օրերուս Հռոմ կը գտնուի, Հռոմի մօտ գտնուող Ֆրասքաթի գիւղաքաղաքին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ օտար երկիրներու դեսպաններուն ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ երեսփոխաններուն հետ:
Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Մարոնիներու Պատրիարքը մատնանշեց Միջին Արեւելքի Պատրիարքներուն միջազգային հասարակութեան ուղղած կոչին` յանձն առնելու իրենց պատասխանատուութիւնը յաչս ծայրայեղութեան յառաջացումին, որ կը ''սպառնայ մարդկութեան եւ աշխարհի խաղաղութեան''։

Ռայի Պատրիարքը յայտնեց թէ ծայրայեղ այս իսլամականները լաւ կազմակերպուած են, հարուստ են, ու կը վայելեն զանազան երկիրներու աջակցութիւնը ու զինամթերքային օժանդակութիւն...։ ''Մենք խօսեցանք աշխարհի խիղճին ու պիտի շարունակենք այս ընել նաեւ 9-11 սեպտեմբեր Ուաշինկթոնի մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովին որուն բնաբանն է ''Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու պաշտպանութիւնը'' յայտնեց Ռայի Պատրիարքը ու ապա հաստատեց ''մենք աշխարհին կ՛ուզենք ըսել թէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները փոքրամասնութիւն մը չեն։ Փոքրամասնութիւն կը համարուին, լեզուական, ցեղային եւ մշակութային խումբերու պատկանողները։ Մենք Քրիստոսի Եկեղեցին ենք։Այդ երկիրներու քաղաքացիներ, որ երկու հազար տարիէ ի վեր, իսլամութենէն 600 տարիներ առաջ, կը գոյատեւէ Միջին Արեւելքի մէջ։ Ապրեցանք իսլամութեան հետ միասին 1400 տարիներ ամբողջ, անոնց փոխանցեցինք Աւետարանի արժէքները. Մարդկային արժանաւորութեան ու մարդկային կեանքի սրբութիւնը. Միեւնոյն ատեն անոնցմէ ընդունեցանք մահմետականութեան աւանդութիւններու արժէքները եւ միասնաբար կերտեցինք մշկոյթ ու քաղաքակրթութիւն''։

Մարոնիներու Պատրիարքը հուսկ պատասխանելով քաղաքական բաեփոխումներու եւ ժողովրդավարութեան մասին իրեն ակնարկուած հարցումին ըսաւ ''Բաւ է խօսիլ այս նիւթերու մասին։Կառավարութիւնները միայն իրենց քաղաքական եւ տնտեսական շահերը կը փնտռեն։ Այս մէկը ակնյայտ է բոլորին։ Աշխարհը պէտք ունի ճշմարտութեան։ Մարդկութիւնը պէտք է վերագտնէ իր արժանաւորութիւնը եւ պէտք է ստանձնէ իրեն պատասխանատուութիւնը, ըլլայ տեղական ըլլայ միջազգային գետնի ըրայ։ Մենք Քրիստոնեաներս զօրակից ենք Միջին Արեւելքի մեր եղբայր ու քոյրերուն ու անոնց հետ կը կրենք Փրկութեան Խաչը որմէ երբեք պիտի չզիջինք։








All the contents on this site are copyrighted ©.