2014-09-02 10:05:29

''Իսլամական պետութեան գալուստը'' կարգախօսով գրութիւններ Լիբանանի եկեղեցիներու պատերու վրայ։


''Հիւսիսային Լիբանաի Թրիփոլի քաղաքին մէջ, ի յայտ եկած են գրութիւններ որոնք կ`իմացնեն իսլամական պետութեան սրընթաց գալուստը'', հաղորդագրած է, մէկ Սեպտեմբերին, լիբանանեան "L'Orient-Le Jour" օրաթերթը, մատնանշելով նաեւ թէ որ հրապարակներու վրայ այրուած են խաչեր։ Դէտերու գնահատումով կարգ մը խումբեր ապատեղեկութիւններ տարածելով կը փորձեն դաւանական խլրտում եւ անհամաձայնութիւններ ստեղծել երկրին մէջ։
Վերջերս մայրաքաղաքի քրիստոնեայ թաղամասի մը մէջ խումբ մը անհատներ այրած են իսլամական պետութեան դրօշակը։ 30 Օգոստոսին արդարութեան նախագահ` Աշրաֆ Ռիֆի պահանջեց դատական իշխանութենէն հետապնդել ու ձերբակալել դրօշակը այրողները, որովհետեւ իսլամական պետութեան դրօշակի վրայ արձանագրուած է Գուրանէն մէկ համար մը, եւ այդ դրօշակը այրելով սրբապղծութիւն կատարուած է։ Այդ ներգործութիւնը առիթ տուաւ բողոքի բուռն ցոյցերու գաղթական պաղեստինցիներու շրջանին մէջ։ Իսլամական պետութեան համակիրները առ ի բողոք այրեցին երկու խաչեր։ Կարգ մը քաղաքագէտներ դատապարտեցին խռովարարները, որոնք հաւանաբար շահագործուած են խառնաշփոթութիւն ստեղծելու լիբանանի կրօնական տարբեր համայնքներու միջեւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.