2014-09-01 09:08:10

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Եղբայրսիրութեան ու ծառայութեան օրինակով…


ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող, քանի Տիրամօր վերափոխման իննօրէքին մէջ ենք տակաւին, արժան է, որ այսօր մնանք Մարիամի մայրենի գովերգութեան եւ ընկերակցութեան մէջ:
Աստուածահաճոյ արարքներն են այս գովերգութիւնն ու ընկերակցութիւնը, որոնք նաեւ գեղեցկագոյն եւ լաւագոյն կ՛ըլլան, երբ գովերգողներս ու ընկերակցողներս կը ջանանք նմանիլ Տիրամօր, որ Դշխոն է սուրբերուն եւ Աղբիւրը` առաքինութիւններուն:

«Մարիամ` Օրինակը եղբայրսիրութեան եւ ծառայութեան» վերտառութեան համար սուրբգրային հատուածը կ՛առնեմ Ս. Ղուկասէն (Ղկ. 1,39-44), որ կը նկարագրէ նոր աստուածայղի դարձած Մարիամի այցելութիւնը իր ազգական Եղիսաբէթին:

«Ես Տիրոջ Աղախինն եմ, թող ամէն բան ըլլայ Ինծի քու խօսքիդ համաձայն» (Ղկ. 1,38) այս իր հաւանութիւնը նոր արտասանած Կոյսը Նազարէթէն «փութով» մեկնեցաւ Այն Քարիմ, ուր Ս. Յովհաննէս Մկրտիչին ծնողքը` Զաքարիա եւ Եղիսաբէթ կ՛ապրէին:

Աւետաբեր հրեշտակէն իմանալով տարիքն անցած Եղիսաբէթի յղութիւնը` Մարիամ անմիջապէս «ճամբայ ելաւ», քանի կ՛ուզէր օգնել ու ծառայել անոր մինչեւ Յովհաննէսի ծնունդը: Ուստի, «Մարիամ երեք ամիս մնաց իր ազգականին քով» (Ղկ. 1,56):

Ինքզինքն «աղախին» նկատած ու հռչակած Կոյսը սպասուհին է ոչ միայն Տիրոջ, այլ նաեւ նաժիշտն է մարդուն, որովհետեւ Մարիամի աստուածամայրութեան կոչումին մէջ ներառուած է անվերապահ ինքնամատուցումի, մշտայօժար տրամադրելիութեան ու պատրաստակամ ծառայութեան ոգին:

Այսպէս, Կոյսին «փութով» մեկնելու եւ անմիջապէս «ճամբայ ելլելու» արարքը թելադրուած էր կարիքաւորին օգնելու եւ ծառայելու տենչէն` դառնալով ուղեգիծն ու նախատիպը մեր ընթացած ճանապարհին մեր առօրեային մէջ:

Իր անարատ Սրտին մէջ Քրիստոսը կրած Կոյսին «երթը դէպի լեռնակողմը» կը նկատեմ առաջին թափօրը Ս. Հաղորդութեան, որուն ընթացքին երկնայինները կատարեցին իրենց պաշտամունքը խունկով ու երգով:

«Թագուհի հրեշտակաց», Մարիամ, հրեշտակներուն Դշխոն շալկեց «Սրբութիւնը սրբութեանց», որ դարձած էր Կոյսին Որդին: «Տաճարն Աստուծոյ» է Մարիամ, երկնաէջ աստուածային երկրորդ անձին օթեւանն է, որուն անգերազանցութիւնը, մեծութիւնը, սրբութիւնն ու «մեծ սքանչելիքը» կու գան մաքրափայլ արգանդին մէջ նոր Աստուածամարդ եղած Յիսուս Քրիստոսի Աստուածամայրութենէն:

Այս ճշմարտութիւնն ապրեցաւ Եղիսաբէթ, որ, «լեցուած Ս. Հոգիով»` բարձրաձայն գոչեց. «Դուն օրհնուած ես բոլոր կիներուն մէջ եւ օրհնուած է քու արգանդիդ պտուղը: Եւ որքան մեծ բարիք է, որ իմ Տիրոջս Մայրը կու գայ ինծի» (Ղկ. 1,42-43):

Մարիամի սրտին «պտուղը»` Յիսուս Քրիստոս, «ալֆան եւ օմեկան» Նոր Կտակարանին, լրումն է Հին Կտակարանին, որուն մեծագոյն մարգարէներէն մին ու Մեսիային նախահայրը` Դաւիթ արքան, Տիրոջ տապանակը Երուսաղէմ բերելու կապակցութեամբ, նոյնահունչ հարցումով բացագանչեց. «Ինչպէ՞ս քովս պիտի մտնէ Աստուծոյ տապանակը» (2 Թագ. 6,9):

Անցեալը եւ ներկան միաձուլուած` իրականութիւն դարձան այցելու Մարիամով, որուն օծեալ արգանդին մէջ արդ կը հանգչի նորկտակարանեան Տապանակը, Սուրբը, Հօր Յայտնութիւնը, Ակնաղբիւրը բոլոր օրհնութիւններուն, ինքնին Փրկութիւնը, Սկզբնակէտն ու Նպատակակէտը մեր փրկութեան, Յիսուս Քրիստոս, մեր Տէրն ու Վարդապետը, որ յստակօրէն եւ վճռակամօրէն հրամայեց մեզի. «Ահաւասիկ իմ պատուիրանս. ՛՛Զիրար սիրեցէ՛ք, ինչպէս Ես ձեզ սիրեցի՛՛» (Յվհ. 15,12):

Մարիամ, որ ծառայեց իր Որդիին, ապրեցաւ սէրն ու գործադրեց եղբայրասիրութիւնը, հոս ալ կը հանդիսանայ մեր ուղեգիծն ու նախատիպը: Յիսուսի հանդէպ մեր հաւատքն ու պաշտամունքը մեզ դարձնելու էին իջեւաններն Աստուծոյ ներկայութեան մեր ժամանակին ու շրջանակին մէջ` աւելի լաւ ծառայելով եւ աւելի ջերմ սիրելով:

Մարիամ թէ՛ Քրիստոսակիրն է ու թէ՛ Յիսուսաբերը: Գաբրիէլ հրեշտակապետէն «շնորհքով լեցուն» (Ղկ. 1,28) որակեալ եւ Եղիսաբէթէն «Տիրոջս Մայրը» (Ղկ. 1,43) դաւանեալ Կոյսը չընդունեցաւ Աստուածամարդն ինքնիրեն համար լոկ, այլ նաեւ` ընծայելու մարդերուն, որոնք կը սպասէին Փրկչին:

Մենք ալ պիտի չկրենք Յիսուսը միայն մեր սրտերուն մէջ` շնորհքով ու Ս. Հաղորդութեամբ, այլ նաեւ Քրիստոսը պիտի բերենք մարդերուն, որոնք կարօտն ունին Անոր, որ «Յարութիւնը եւ Կեանքն» (Յվհ. 11,25) է աշխարհին:

Մարիամ ընթացաւ սիրոյ ուղին, որ յանգեցաւ եղբայրասիրութեամբ: Քրիստոսը իր սրտին ու կեանքին մէջ ունեցող անձը անպայման կը սիրէ իր ընկերը, կ՛օգնէ անոր, եղբայրասէր է եւ միայն այսպէս յիսուսասէր է, աստուածամօտ է:

Մարիամ «մտաւ Զաքարիայի տունը եւ ողջունեց Եղիսաբէթը»: Քրիստոնէական թափօրն սկզբնաւորած Կոյսին ողջոյնը եղաւ առաջին օրհնութիւնը սրբութեամբ:

Մարիամ փոխանցեց այն օրհնութիւնը, զոր ստացաւ ի վերուստ: Մօր արգանդին մէջ եղած Յովհաննէս անծինը, որ իբրեւ առաջինը ստացաւ տրուած օրհնութիւնը, իր ձեւով ողջունեց իրեն եկած Մեսիան, որուն կարապետը` ճամբան բացողը պիտի ըլլար:

Այդ պահուն Յովհաննէս, Մարիամի միջնորդութեամբ, սրբուեցաւ եւ նուիրագործուեցաւ իր ապագայ կոչումին համար` դառնալու այն անձը, որուն մասին Յիսուս վկայեց. «Այո՛, եւ մարգարէէն ալ աւելի բարձր մէկը: Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, կնոջմէ ծնածներուն մէջ Յովհաննէս Մկրտիչէն աւելի մեծը չէ եղած» (Մտթ. 11,10-11):

Կոյսին գալուստով` Յովհաննէս խայտաց իր մօր սրտին մէջ: Պարզ է, որ ամէն հաւատացեալ կ՛ուրախանայ Մարիամի ներկայութեամբ: Բայց` դեռ շատ աւելին:

Կոյսին գալուստով` Եղիսաբէթ «լեցուեցաւ Ս. Հոգիով»: Սուրբերու վարքը վկայ է, թէ Սիրամայրն ընկալող ու Տիրամօր խօսքն ունկնդրող հոգին կ՛ընդունի Ս. Հոգին:

Ա՛յս Ս. Հոգին ընդունած անձերը կը հռչակեն Մարիամ Կոյսին սրբութիւնը, կը պաշտեն Կուսամօր Որդին եւ կը դաւանին անարատ Կոյսին Աստուածամայրութիւնը:

Աղօթքս եւ մաղթանքս է, որ դուն, ես եւ ան` մենք ըլլանք Ս. Հոգին ընդունող անձերը, որոնք կ՛ապրին եղբայրասիրութիւնն եւ կը ծառայեն Տիրոջ` իրենց շրջապատին մէջ:

Այնճար, 24 օգոստոս 2014








All the contents on this site are copyrighted ©.