2014-09-01 09:23:26

Իրաքցի 500 ընտանիքներ կարողացած են իրենց տուները վերադառնալ։


Իրաքցի 500 ընտանիքներ կարողացած են իրենց տուները վերադառնալ։
Իրաքցի աւելի քան 500 ընտանիքներ 1200-ի վրայ կարողացած են իրենց գիւղը` Ալքոշ վերադառնալ, շնորհիւ քիւրտերու օգնութեան։
Բեշմերկաները կարողացած են գիւղէն վտարել ծայրայեղ մահմետականները, որոնք անցեալ ամիս բռնագրաւուած էին գիւղը ու վտարած բնակիչները, որոնց մեծամասնութիւնը քրիստոնեաներ են։
Դէտետու գնահատումով ամերիկեան օդանաւային ռմբակոծումները սահմանաբակեցին իսլամ պետութեան յառաջդիմութիւնը, սակայն անով հարցը չի լուծուիր, հարկաւոր է միջազգային խաղաղապահ զօրքի ներկայութիւնը ։

Միւս կողմէ Իրաքեան ուժեր հասան ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու կողմէ պաշարուած Ամերլի քաղաքը, որ կը գտնուի հիւսիսային Իրաքի մէջ:
Իրաքեան ուժերը նշեալ յաջողութիւնը արձանագրեցին, երբ ամերիկեան օդուժը հարուածեց քաղաքին մօտ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը: Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Աւստրալիոյ օդանաւերը իրենց կարգին մարդասիրական օժանդակութիւն նետեցին:
Շուրջ 15 հազար շիի թիւրքմեններ երկու ամիսէ ի վեր Ամերլիի մէջ պաշարուած էին: Իրաքեան բանակն ու կամաւորներու միլիսը երէկ մուտք գործեցին քաղաք: Բայց եւ այնպէս քաղաքը կը շարունակէ վտանգաւոր վայր մը մնալ, որովհետեւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները իրենց ետին ձգած են բազմաթիւ ականներ:
Գործողութեան ընթացքին ձերբակալուած են ՏԱՀԵՇ-ի 15 զինեալներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.