2014-09-01 09:36:08

''Իսլամական ահաբեկչութիւնը արդէն մէկ ամիսէն պիտի հասնի Եւրոպա'' ըսած է Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորը


Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը զգուշացուցած է, որ եթէ իսլամականներուն հակազդող անմիջական քայլեր չձեռնարկուին, ապա միջինարեւելեան ահաբեկչութիւնը մօտ ատենէն պիտի հասնի Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ:
Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը համապատասխան յայտարարութեամբ դիմած է օտար երկիրներու դեսպաններուն` ուրբաթ օր տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
«Կը խնդրեմ ձեզմէ` այս ուղերձը փոխանցել ձեր ղեկավարներուն: Ահաբեկչութիւնը չարիք է, որուն դէմ անհրաժեշտ է պայքարիլ անյապաղ եւ խելացի քայլերով: Եթէ քայլեր չձեռնարկուին, ես վստահ եմ, որ մէկ ամիս ետք ահաբեկչութիւնը պիտի հասնի Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ», յայտարարած է թագաւորը:








All the contents on this site are copyrighted ©.