2014-ի Սեպտեմբեր ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները։
Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները որ ընդհանրապէս ստորաբաժանուած են ''ընդհանրական
եւ միսիոնարական'' աղօթքի դիտաւորութիւններու, 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական''
եւ ''աւետարանացումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ, շեշտը դնելու համար աղօթքի
կեդրոնականութեան վրայ եւ վերարծարծելու 2012-ի նոր աւետարանութեան մասին տեղի ունեցած
սիւնհոդոսի կարեւորութիւնը։ 2014-ի Սեպտեմբեր ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն
ընտրուած է. ''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Ոպէսզի մտային անկարները ընդունին
սէրն ու օգնութիւնը որոնց կը կարօտին, արժանավայել կեանք մը ապրելու համար''։ Իսկ
որպէս ''Աւետարանութեան'' դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի Քրիստոնեաները, ներշնչուած Աստուծոյ
Խօսքէն, յանձնառումով ծառայեն աղքատներուն եւ տառապողներուն''։