2014-08-30 11:20:02

Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ Կազզայի ժողովրդապետին եւ հեռաձայնեց Իրաքցի քահանայի մը։


Կազայի լատին եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` հայր Եորկէ Հէրնանտէզ, 29 Օգոստոս 2014-ին, հանդիպում ունեցաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ, որուն աւարտին մամուլին հետ ունեցած ելոյթով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սրբազան Հօր ունեցած հոգատարութեան ու սիրոյն հանդէպ ս. Երկրի ժողովուրդներուն։ ''Անոր հայրական մօտիկութիւնը, ըսաւ հայր Հերնանտեզ, մեծապէս մխիթարական եղած է Կազայի տառաղող ժողովուրդին համար''։ Սրբազան Քահանայապետը խորապէս համոզուած է որ խաղաղութիւնը կարելի է, եւ խաղաղութիւնը միմիայն տառապանքով կարելի է ձեռք բերել։ Ան քաջալերեց մեզ յառաջ երթալ ու շարունակել վկայութիւն տալ Յիսուս Քրիստոսին, ''ըլլալով երկրի աղը'', յայտնեց Հայր Հերնանտէզ։

Միւս կողմէ Վատիկանի մամլոյ գրաեսնեակի փոխ տնօրէն` Հայր Չիրօ Պենետեթթինին հաստատեց թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, 19 օգոստոսին, հեռաձայնային կապ հաստատած է Հայր Պէհնամ Պէնոքայի հետ, որ այժմ Իրաքի մէջ կը զբաղի քրիստոնեայ գաղթականներով։
Հայր Պէհնամ` որ Սրբազան Հօր ուղղած էր ''արտասուքի'' նամակ մը, Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացնելով Իրաքի Քրիստոնեաներուն ապրած անմարդկային ու դաժանային իրավիճակը ու անոնց մտատանջ ապագայի մտահոգութիւնը, յայտնեց թէ` Սրբազան Հայրը, Քորէայի ճամբորդութենէն վերադաձին, 19 օգոստոսին, հեռաձայնային կապ հաստատած է իր հետը արտայայտելով իր մօտիկութիւնն ու քաջալերանքը ու վստահեցնելով թէ ամէն կարելին պիտի ընէ ու պիտի շարունակէ ամէն ջանք թափել քրիստոնեայ հարստահարեալներուն սփոփանք ու մխիթարութիւն ապահովելու համար։ Խօսակցութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը բոլոր իրքացի ժողովուրդին տուած է իր առաքելական օրհնութիւնը ու անոնց վրայ հայցած է Աստուածային խաղաղութեան պարգեւը։








All the contents on this site are copyrighted ©.