2014-08-30 10:33:56

Փիլիպեան եկեղեցին 2015 տարին նուիրած է աղքատներուն ի տես Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի առաքելական այցելութեան։


Փիլիպեան կղզեխումբի Եպիսկոպոսները ներշնչուած ֆրանչիսկոս Քահանայապետի բաղձանքէն, մտադիր են աշխատիլ որպէսզի իրենց եկեղեցին դառնայ ''աղքատ եկեղեցի մը աղքատներուն համար'' եւ այս առընչութեամբ 2015-ի հովուական տարին նուիրած են աղքատներուն։
Յայտնենք որ յառաջիկայ 16-19 Յունուար 2015, Նորին Սրբութիւնը առաքելական այցելութիւն պիտի կատարէ Սրի Լանքա եւ Փիլիպեան կղզեխումբ։
Այս առթիւ Փիլիպեան եկեղեցին մտադիր է դիմագրաւել ''աղքատ եկեղեցի մը աղքատներուն համար'' հայող նիւթի գրաւները. ինչպէս`
անօթութիւնը, աղքատութիւնը, համաշխարհականացումը, բնապահպանութիւնը ու ընկերութենէն արմատախիլ ընել քաղաքա-տնտեսական անհաւասարութիւնը եւ կաշառառութիւնը։
''Համայն եկեղեցին, կը գրեն եպիսկոպոսները, հարուստ թէ աղքատ, հզօր կամ տկար կանչուած է զօրակցելու որպէսզի ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը,
խաղաղութիւնն ու սէրը վերահաստատուին երկրին տարածքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.