2014-08-30 10:13:48

''Robert Besson'' կինոյի մրցանակը'' կը շնորհուի իտալացի կինոհան Քարլօ Վերտոնէի։


Վենետիկի կինոյի միջազգային փառատօնի առթիւ, Վատիկանը ''Robert Besson'' մրցանակը շնորհեց իտալացի կինոհան Քարլօ Վերտոնէի։
Մրցանակի տուչութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ մէկ Սեպտեմբեր 2014-ին, ընկերային հաղորդակցութեանց ու մշակոյթի զոյգ քահանայապետական խորհուրդներու կողմէ։
Լուրը հաղորդելով Վատիկանը յայատրարեց որ իտալացի կինոհանը նշանակալից վկայութիւն մը տուած է հոգեւոր կեանքի իմաստը որոնող դժուար ճանապարհին։
Յայտնենք որ Քարլօ Վերտոնէ դերասան ու կինոհանը մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ Իտալիոյ մէջ։
Վենետիկի կինոյի միջազգային փառատօնին մասնակցող Քահանայապետական երկու խորհուրդները ուզեցին վարձատրել լուսամիտ դերասան մը, որ շնորհիւ բնատուր հանճարին կարողացաւ թարգմանը հանդիսանալ իտալական ծաղրաշարժի եւ ժողովրդային կատակերգութեան։ Անոր կինոները ցոլացումն են սպառած սակայն տակաւին ողջ մարդկութեան մը, թշուառ սակայն ազնիւ, ամէն բանի կարող` սկսեալ անհատապաշտութենէն մինչեւ սքանչելի ամբծութիւնը։
Քարլօ Վերտոնէի հայրիկը` Մարիօ Վերտոնէ ինք եւս եղած է կինոհան մը որ հայերը սիրած ու գնահատած է։ Իտալերէնի թարգմանած է Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութիւնները։
Նշենք որ 'Robert Besson' մրցանակը հիմնուած է 1999-ին։ 27 Օգոստոսէն 6 Սեպտեմբեր 2014, Վենետիկի կինոյի միջազգային փառատօնին մրցակցութեան մէջ են 20 շարժապատկերներ։ Այս տարուայ տօնավաճառը ունի որպէս նշանաբան` պատերազմը, տնետսական տագնապը եւ կենսական հարցեր։ Ոսկէ արծիւ մրցանակը պիտի շնորհուի յառաջիկայ 6 Սեպտեմբերին։








All the contents on this site are copyrighted ©.