Կիրակի, 31 օգոստոս 2014-ին, կը շնուի Միլանոյի երբեմնի արեքպիսկոպոս`
Կարտինալ Քարլօ Մարիա Մարթինիի մահուան երկրորդ տարելիցը։ Այս առթիւ, Միլանոյի ներկայ
Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Անճելօ Սքոլան` երեկոյեան ժամը 17,30-ին Միլանոյի Աթոռանիստ
Եկեղեցւոյ մէջ կը նախագահէ սուրբ պատարագի հեգեհանգստեան արարողութիւնը։
Անգլիոյ եւ Կալլէսի բանակի մատրանապետ` գերապայածառ Ռիչարտ Մոսի
հրաւէրով, Անգլիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ աղօթքի արարողութիւն մը, աշխարհի մէջ հաւատքի պատճառաւ
բոլոր հալածուածներու դիտաւորութեան։
Պօղոս
Զ Քահանայապետի երանացման ծիսակատարութեան առթիւ (19 հոկտեմբեր 2014), Վատիկանը` 28 Օգոստոս
2014ին, հրապարակեց Պօղոս Զ Քահանայապետին նուիրուած դրոշմաթուղթ մը։ Ի շարս այլ դրոշմաթուղթերու
Վատիկանը կը հրապարկէ նաեւ դրոշմաթուղթ մը Պերլինի պատի փլուզումի 25-րդ տարեդարձին եւ
Պիոս Ժ Պապի մահուան առաջին դարադարձին ինչպէս նաեւ երաժշտահան Ռիչարտ Կէորկ Սթրաուսի
(1864-1949) ծննդեան 150-րդ տարեդարձին առթիւ։