2014-08-30 10:37:13

Սուրիացի գաղթականներուն թիւը գերազանցած է երեք միլիոնը։


ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով բարձրագոյն գործակալութիւնը յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ ընթացող տագնապին պատճառով իրենց երկրէն փախուստ տուած սուրիացիներուն թիւը գերազանցած է երեք միլիոնը: Գործակալութիւնը աւելցուց, որ միայն 2013-ին մէկ միլիոն սուրիացի հեռացած է երկրէն: Գործակալութիւնը ընդգծեց նաեւ թէ այս թիւը չի ներառեր անոնք, որոնք երկրէն փախուստ տուած են, սակայն գաղթականներու ցանկերուն վրայ չեն արձանագրուած: Միայն Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու թիւը հասած է 1,14 միլիոնի: Գաղթականներու ճամբարներ նոր ժամանողները հիւծուած են եւ սարսափահար վիճակի մատնուած: Իւրաքանչիւր ութերորդ սուրիացին գաղթական է: Սուրիոյ մէջ տեղահանուածներուն թիւը հասած է 6,5 միլիոնի:Աւելի քան երեք տարիէ ի վեր ընթացող պատերազմին ընթացքին զոհերուն թիւը գերազանցած է 190 հազարը:








All the contents on this site are copyrighted ©.