2014-08-30 10:25:41

Ուխտագնացութիւն դէպի Ս. Շարպէլ Աննայա։


Կազմակերպութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան ու Ազնուափայլ Տիկնանց Միութեան, Ուրբաթ, 29 Օգոստոս 2014-ին, միօրեայ ուխտագնացութիւն մը տեղի ունեցաւ դէպի Ս. Շարպէլ – Աննայա վանքը:
Առաջին կայանն եղաւ Ժըպէյլի Ս. Գէորգ Մարոնիթ եկեղեցւոյ այցելութիւնը, ուր վարդարանին չորրորդ խորհուդը աղօթելով ուխտաւորները ուղղուեցան Ս. Շարպէլի վանքը, ուր աղօթեցին վարդարանին վերջին խորհուրդը։ Կէսօրուան ժամը (12:00)-ին ուխտաւորները մասնակցեցան Պատարագի Ս. Զոհին, զորս Հայերէն ծէսի համաձայն մատոյց ` Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան, եւ որ քարոզի ընթացքին խորհրդածեց սուրբ Շարպելի երեք առաքինութիւններուն մասին՝ հնազանդութիւն, պարտաճանաչութիւն եւ Աղօթասիրութիւն։ Ներկնաերը ապա աղօթեցին նորանոր կոչումներու եւ հիւանդներու դիտաւորութեան համար:
Սուրբ Զոհէն ետք, տեղի ունեցաւ Սուրիահայ երեք ամսեայ Անտոնին, Աստուծոյ խորան ներկայացնելու արարողութիւնը:
Ուխտագնացութեան յայտագրին երկրորդ մասը ընդգրկեց Ճգնարանի այցելութիւնը, ուր հայ ուխտաւորները մեծ սիրով կրցան մօտէն տեսնել եւ ճանչնալ սուրբին հաւատքը, ու իրեն բարի օրինակին հետեւելով, Տիրոջ պարգեւած շնորհքներուն մասին նորանոր բաներ իմանալ:
Ուխտագնացութեան վերջին մասը ընդգրկեց ժըպէյլի Ս. Մարկոս ու Յովհաննէս եկեղեցւոյ այցելութիւնը, ուր ուխտաւորները առիթ ունեցան մասնակցելու Ս. Րաֆքայի մասունքներու դիմաւորութեան արարողութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.