2014-08-29 09:57:46

Երուսաղէմի Լատին պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոսի գոհունակութիւնը հրեայ-պաղեստինեան համաձայնագրի ստորագրութեան ի լուր։


Գերապայծառ Շոմալիի համար պատերազմէն ոչ մէկը յաղթական ելաւ։

Երուսաղէմի Լատին պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոս `գերապայծառ Շոմալի Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, 27 Օգոստոս 2014-ին, իր խնդակցութիւնը յայտնեց ի լուր Իսրայէլի ու Համասի հրադադարի ստորագրութեան։ Ան յոյս յայտնեց որ Կազայի բնակիչները պիտի կարողանան օգտուիլ իրենց ներկայացող բարեպատեհութիւններէն, սակային պատերազմող խումբերը իրենք զիրենք յաղթական պիտի զգան երբ ստորագրեն արդար խաղաղութեան համաձայնագիրը։
Հրեաները ու պաղեստինցիները 27 Օգոստոս 2014-ին, ստորագրեցին մնայուն հրադադար մը։ Այս համաձայնութեամբ վերջ դրին 50 օրերու մահասփիւռ կռիւներու ու աւերներու։ Հրադադար մը որ կ`արծարծէ մեծ յոյսեր Ս. Երկրի խաղաղութեան համար։
ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը Պան Քի Մուն ողջունելով հրադադարը մաղթանք յայտնեց սերտել անհամաձայնութեան դրդապատճառները ու վերջնական խաղաղութիւն հաստատել Ս. Երկրին մէջ, վերջ դնելով 47 տարիներու բռնագրաւումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.